Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) անդամ երկիրներու նախագահները Ս. Փեթերսպուրի մէջ հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի նիստի ընթացքին կը քննարկեն կազմակերպութեան նոր գլխաւոր քարտուղարի թեկնածութիւնը: «ՌԻԱ Նովոստի»-ի փոխանցմամբ` այդ մասին յայտնած է ՌԴ նախագահի մամլոյ քարտուղար Տմիթրի Պէսկովը:
«Կան տարբեր թեկնածութիւններ. Մենք ձեզ կը տեղեկացնենք արդիւնքներու մասին»,- լրագրողներուն յայտնած է ՌԴ նախագահի մամլոյ քարտուղարը: Նշենք, որ երկուշաբթի օր Ս. Փեթերսպուրի մէջ պիտի իրականացուի ՀԱՊԿ վեհաժողովը:
2003 թուականէն ՀԱՊԿ գլխաւոր քարտուղարի պաշտօնը կը զբաղեցնէ Նիկոլայ Պորտիուժան, որ աւելի վաղ յայտնած էր, որ նոր գլխաւոր քարտուղարի անունը պիտի յայտարարուի ՀԱՊԿ-ի ՀԱԽ-ի՝ 14 հոկտեմբերին Երեւանի մէջ կայանալիք նիստին եւ նոր քարտուղար պիտի դառնայ Հայաստանի ներկայացուցիչը: Այնուամենայնիւ, ՀԱՊԿ գլխաւոր քարտուղարի նշանակման հարցը յետաձգուած է: Պորտիուժան «ՌԻԱ Նովոստիին» տուած հարցազրոյցին նշած էր, որ Երեւանի մէջ ՀԱՊԿ գլխաւոր քարտուղար չէ ընտրուած, քանի որ Ղազախստանի նախագահը հիւանդութեան պատճառով ներկայ չէ եղած։ Ան հաստատած էր նաեւ, որ ՀԱՊԿ գլխաւոր քարտուղար չէ ընտրուած, քանի որ «այդ հարցը պէտք է լուծուի բոլոր նախագահներու մասնակցութեամբ»:
ՀԱՊԿ-ի անդամ պետութիւններն են՝ Հայաստանը, Պելառուսը, Ղազախստանը, Ղրղզստանը, Ռուսաստանը եւ Տաճիկստանը:
Աղբյուրը` РИА Новости