Երէկ Երեւանի մէջ յանկարծամահ եղած է սուրիահայ Հրաչ Յակոբ Պալմանուկեանը:
Պալմանուկեանի Թաղման կարգը պիտի կատարուի այսօր Շաբաթ, Քանաքեռի Սուրբ Յակոբ Եկեղեցիէն ներս ժամը 14:30-ին: Ան ունի երեք մանչ զաւակներ: Նշենք, որ Հրաչ Պալմանուկեանը իր մահէն երեք օրեր առաջ 400.000 հայկական դրամի գումար մը տրամադրած էր Արցախին: