Երկրի մը մէջ, ուր նախագահական նորագոյն նստավայրն իսկ ապօրինաբար կառուցուած ըլլալու ամբաստանութեան տակ կը գտնուի, ուր 20 միլիոն կառոյցներու 60 առ հարիւրը ապօրինաբար կանգուն կը մնան, Նշանեան շէնքեր կառուցած է, պատմական շէնքեր վերանորոգած է, զանոնք բարեզարդած է յատուկ պահպանութեան տակ գտնուող տարածքի մը վրայ։ 11․5 տարուան բանտարկութեան դատապարտուած մտաւորականը դեռ վերջերս փոխադրուեցաւ մենախուց մը, քանի որ իր քով գտնուած էր … համացանցի կապ հաստատելու ծառայող USB մը, որ պայթուցիկ նիւթի կամ հրացանի համարժէք կը նկատուի պատկան մարմիններուն կողմէ։ Եւ այդ USB-ին ինչո՞ւ համար կը գործածէր ան․ ամբողջացնելու համար ծագումնաբանական բառարանը, որու պատրաստութեան լծուած է ան երկար տարիներէ ի վեր։
Կան Նշանեանի դէմ բացուած այլ դատեր ալ, որոնք եթէ ի վնաս իրեն վերջանան, ապա այս բանտարգելութիւնը թերեւս հասնի 25 տարուան։ Ամբողջ կեանք մը։ Այսինքն կը նշանակէ, որ 60-ամեայ Նշանեան իր կեանքին մայրամուտը պիտի անցընէ ազատազրկեալ վիճակի մը մէջ։
Հասարակութեան վնասակար մարդիկը, յանցագործները, գողերը, թալանողները, կաշառակերները, բռնաբարողները, մարդասպանները, օրինազանց անձերը անշուշտ որ պէտք է դատապարտուին, պատժուին, ի հարկին՝ մեկուսացուին։ Ուրեմն մէկը որ շուրջ 25 տարուան բանտարկութեամբ մեկուսացուելու հաւանակութիւնը ունի, ենթադրելի է որ անուղղելի վնասներ հասցուցած ըլլայ իր շրջապատին։
Ի՞նչ ըրած է սակայն Նշանեան։
Շիրինճէ գիւղն ու շրջակայքը գեղեցկացուցած է, վերածած է գիտութեան, արուեստի ու մշակոյթի կեդրոնի մը, ձգողական վայրի մը։ Ո՛չ մէկ ծառ հատած է, ո՛չ մէկ անասունի վնաս հասցուցած է։ Ընդհակառակը, մերձակայ Իլիասթեփէն իր շնորհիւ դարձած է թռչուններու կայք մը, տեսակ-տեսակ անասուններու համար բնակատեղի մը։
Նշանեան ծագումնաբանական բառարան մը գրած է թրքերէնի համար, նպաստած է լեզուաբանութեան զարգացման։
Նշանեան պատրաստած է տեղանուններու բառարան մը, մի առ մի ցոյց տալով, մատնանշելով անուանափոխուած վայրերու անցեալի անունները՝ կերպով մը դարձած է այս երկրի յիշողութիւնը, մոռացութենէ փրկելով նաեւ հայկական հազարաւոր տեղանուններ։
Yanlış Cumhuriyet խորագրեալ հատոր մը հրապարակած եւ գլխիվայր շրջած է մեր միտքերը, նոր հորիզոններ, մտածելու նոր կարելիութիւններ նուիրած է հազարումի անհեթեթ կարծրատիպերով հասակ առած սերունդներուն։
Նշանեանի մտերիմ բարեկամը՝ Ալի Նեսին, վերջերս հարցազրոյցի մը մէջ հետեւեալը կ՚ըսէր․ «Անկասկած իր բանտարկութեան, իր այսքան երկար ժամանակ բանտարկուած մնալուն գլխաւոր պատճառն է թապուներու դէմ ըմբոստացող հայ մը ըլլալու հանգամանքը»։
Թերեւս ալ այդպէս է։ Յամենայնդէպս չենք կրնար ըսել, թէ «այդպէ՛ս չէ», «սխալ է»։ Դժբախտաբար։
Ճան Տիւնտարի եւ Էրտեմ Կիւլի ազատ արձակումը յոյսի նշոյլ մը դարձաւ բանտերու մէջ գտնուող լրագրողներուն եւ մտաւորականներուն համար։ Ճիշդ է, Նշանեան ձերբակալեալ լրագրող մը չէ թէեւ, սակայն իր գրած կարգ մը յօդուածներն ալ դեր մը ունեցան իրեն դէմ սկսած խաչակրութեան մէջ։
change.org-ին վրայ բացուած է ստորագրահաւաք մը՝ ուղղեալ վարչապետին, արդարադատութեան եւ զբօսաշրջութեան նախարարներուն։ Սեւան Նշանեանի համար ազատութիւն պահանջող ստորագրահաւաքին միացած են Ապտուլլահ Տեմիրպաշ, Ալի Պայրամօղլու, Այշէ Հիւր, Էթիեն Մահչուպեան, Էրտալ Տողան, Ֆերհաթ Քենթել, Յովսէփ Հայրենի, Հրանդ Գասպարեան, Խաչիկ Մուրատեան, Լալէ Մանսուր, Միխայիլ Վասիլիատիս, Նոամ Չոմսքի, Օյա Պայտար, Բագրատ Էսդուքեան, Սելինա Տողան, Թաներ Աքչամ, Իւմիթ Քըվանչ, Ուֆուք Ուրաս, Լեվենթ Իւզիւմճիւ եւ բազմաթիւ այլ մտաւորականներ, գործիչներ, երեսփոխաններ ու քաղաքացիներ։
Միացէք դուք եւս՝ ձեռք մեկնելով անարդար կերպով բանտարկուած մտաւորականին։ Վերջապէս ան, վերին արտերու բնակիչ այլոց նման, իրաւունք չունի յայտարարելու, թէ չճանչնար դատարանին որոշումը։
Սեւան Տէյիրմենճեան