Ղընէմիյէ գիւղի հայ առաքելական Սուրբ Գէորգ եկեղեցին կը վերանորոգուի: Այս մասին տեղեկութիւնը իր դիմատետրի էջին տեղադրած է Երէցկին Սօսի Միքայէլեան: Ան նաեւ գրած է, որ անցնող օրերուն Հոգշ. Տ. Արտակ Վրդ. եւ Տաթեւ Քհնյ. այցելած են Ղընէմիէի Ս. Գէորգ Եկեղեցի եւ հետեւած արտաքին կառոյցի վերանորոգման աշխատանքներուն :
«Արեւելք»ի տեղադրած լուսանկարին մէջ երեւելի կը դառնայ եկեղեցւոյ պատին արտաքին բաժնի փլուզուած վիճակը:
Յիշեցնենք, որ ահաբեկիչ զինեալներու տիրապետութեան տակ եղած ժամանակ գիւղի միակ հայկական եկեղեցին ծանր վնասներու ենթարկուած էր:Ղընէմիէն ժամանակ մը իսլամիստ ահաբեկիչներուն տիրապետութեան տակ մնալէ ետք այսօր ազատագրուած է եւ կը գտնուի Սուրիոյ պետական բանակի իշխանութեան ներքոյ: