Եգիպտական «Ալ Ֆաճըր» թերթի գլխաւոր խմբագիր, լրագրող Ատէլ Համուտա անդրադարձ կատարած է Ատրպէյճանի ու Հայաստանի միջեւ հակամարտութեան մասին, նշելով, որ այս հակամարտութիւնը խթանելու Թուրքիոյ գլխաւոր պատճառը Լիպիոյ մէջ իր ծրագրին ձախողումն է։
Համուտա խօսլով «Եգիպտոսէն» ծրագրէն, որ եգիպտական «CBC» արբանեակային ալիքը կը հեռարձակէ, ըսած է. «Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ այս հակամարտութիւնը հին հակամարտութիւն կը համարուի, որ սկսած է 1920 թուականէն ու տեւած է 14 տարի, մինչեւ Սովետական Միութեան միջամտութիւնը: Անոնցմէ իւրաքանչիւրը ազգայնական ոյժ ունի եւ իւրաքանչիւր կողմ կը պահանջէ իր ազգայնականութիւնը ու արիւնով կը պաշտպանէ զայն, կատաղի մարտեր կը մղեն: Նոր մարտերը բազմաթիւ կորուստներ կը պատճառեն»:
«Ալ Ֆաճըր»ի խմբագիրը աւելցուցած է. «Ատրպէյճանը հինգ կտորները բաղկացած է, իսկ Հայաստանը՝ երեք: Այս բոլոր կտորները իրարու միահիւսուած են, ինչ բանը երկուքին միջեւ տարածաշրջանային բազմաթիւ խնդիրներ յառաջացուցած են Ղարաբաղի մէջ: Այս շրջանին մէջ 80 տոկոս հայութիւն կայ, հետեւեաբար այդ շրջանի ինքնավարութեան կայունութիւնը հայերուն համար անփոխարինելի խնդիր է»:
Ան նշած է նաեւ, թէ «արդիւնաբերական երեք գիծեր գոյութիւն ունին այդ տարածաշրջանին մէջ, երկուքը՝ Ատրպէյճանի մէջ, իսկ մէկը՝ Հայաստանի: Այդ գիծերէն օգտուելու համար, Թուրքիա ամէն ջանք կը թափէ այդ հակամարտութիւնը սրելու, որովհետեւ ինք յաւելեալ ոյժի եւ վերահսկողութեան կարիք ունի Ատրպէյճանի վրայ, որպէսզի Էրտողան կարողանայ իր տնտեսական ձախողումը ծածկել՝ Ատրպէյճանէն ջերմուժ ստանալով անոր վաճառած զէնքին դիմաց, որպէսզի Թուրքիան Միջին Արեւելքի մէջ տեղ ունենայ»: