image
Հրատապ լուրեր:

Գանատահայ Երիտասարդութիւնը Բողոքի Ցոյց Կատարեց Ազրպէյճանի Դեսպանատան Դիմաց

Գանատահայ  Երիտասարդութիւնը Բողոքի Ցոյց Կատարեց  Ազրպէյճանի  Դեսպանատան Դիմաց

Ապրիլ 8-ին, Կէսօրուան ժամը 12-ին, Գանատայի մայրաքաղաք Օթթաուայի մէջ գտնուող Ազրպէյճանի դեսպանատան դիմաց տեղի ունեցաւ բողոքի ցոյց, որուն մասնակցեցան Մոնթրէալէն, Լաւալէն, Թորոնթոյէն, Գէմպրիճէն եւ Օթթաուայէն հայեր։ Ցոյցը կազմակերպուած էր ՀՅԴ Գանատայի Երիտասարդական Միութեան եւ ՀՅԴ «Արմէն Գարօ» Ուսանողական Միութեան կողմէ։ Ցոյցի ընթացքին խօսք առին վերոնշեալ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները եւ բուռն կերպով դատապարտեցին Արցախի խաղաղ բնակչութիւնը հրթոռակոծելու Ատրպէյճանի յարձակապաշտ ընթացքը եւ կոչ ուղղեցին Գանատայի կառավարութեան որ նմանապէս դատապարտէ Պաքուի ռազմատենչ քաղաքականութիւնը։ Լուրի աղբիւր՝ «Հորիզոն»  պարբերականի  կայք: