«Գամիշլիի հայութեան անվտանգութիւնը կարմիր գիծ է եւ այդ աշխատանքին լծուած են շուրջ 200 երիտասարդներ» «Արեւելք»ին ըսաւ Համբիկ Ճապաղջուրեան: Ան նաեւ նշեց, որ ներկայ պահու դրութեամբ Գամիշլին կը համարուի Սուրիոյ ամէնէն ապահով շրջաններէն մին եւ կը վերահսկուի Սուրիոյ բանակին եւ քրտական ջոկատներուն միջոցաւ եւ անոր ըսելով քրտական ջոկատներու ներկայութիւնը աւելի գերակշիռ է: Ճապաղջուրեան նշեց, որ քրտական ուժերը կը գործեն Սալէհ Մըսլէմի հովանաւորութեամբ եւ կը կոչուին YPK, որ կը համարուի PKK-ի սուրիական թեւը: Մեր խօսակիցը նաեւ նշեց, որ տեղի հայկական համայնքի ղեկավարութեան եւ քրտական ջոկատներուն միջեւ առկայ է համագործակցութիւն եւ քիւրտերը իրենց բոլոր գործողութիւններուն եւ քայլերուն առընթեր նկատի կ'առնեն հայութեան կեցուածքները: Պատասխանելով «Արեւելք»ի այն հարցումին, որ արդեօ՞ք մտավախութիւն կայ, որ Թուրքիան վերջին օրերու գրանցուած իր զինուորական գործողութիւններու ծիրը լայնցնելով նոյնպէս հարուածէ սուրիական հողերուն վրայ գտնուող քրտական ջոկատներուն դիրքերը, պատասխանեց ո՛չ նկատել տալով, որ Գամիշլիի մէջ եղող քրտական ջոկատները կը համարուին Պարազանիի հովանաւորած իրաքեան Քիւրտիստանի շարունակութիւնը: Մեր հայրենակիցը նաեւ ըսաւ, որ ներկայիս Գամիշլիի մէջ կ'ապրին շուրջ 4000 հայեր եւ անոնց մեծ տոկոսը կը զբաղի արհեստագործութեամբ: Ջապաղջուրեան նաեւ ըսաւ, որ վերջին շրջանի դէպքերուն հետեւանքով մեծ թիւով հայեր հեռացած են շրջանէն, նշելով նաեւ, որ Սուրիոյ տագնապին առաջին օրերու Գամիշլիի մէջ կ'ապրէին շուրջ 8000 հայեր: Ճապաղջուրեան նաեւ նշեց, որ ներկայիս շրջանը ապահով է բայց եւ այնպէս ISIS ահաբեկչական խմբաւորումը անձնսպանական գրոհներ կատարած է յատկապէս քրտական ջոկատներու կեդրոններուն դէմ: Արդեօ՞ք ISIS կը յաջողի Գամիշլի մուտք գործել մեր տուած հարցումին Ճապաղջուրեան նաեւ ըսաւ, որ այդ մէկը անհնար է, որովհետեւ ISIS իր զինուորական յառաջընթացին համար կը յենի տուեալ շրջաններուն մէջ գործող «քնացած բջիջներ»ուն վրայ եւ այդ մէկը առկայ չէ Գամիշլիի մէջ: Ճապաղջուրեան նաեւ ըսաւ, որ շրջանի հայութեան ապահովութիւնը ստանձնած երիտասարդները իրենց պարտականութիւնը կը կատարեն շրջանի ՀՅԴ «Վան» կոմիտէի վերահսկողութեամբ:Ան նաեւ յիշեցուց, որ Գամիշլիի հայութիւնը մէկտեղուած է «Հարէթ Ալ Արման» թաղամասին մէջ, ուր շուրջ 200 հայ երիտասարդներ հերթաբար կը կատարեն իրենց պարտականութիւնը: Բացառելով քիւրտ ջոկատներուն հետ բախումներու հնարաւորութիւնը Ճապաղջուրեան յիշեցուց, որ հայութեան համար շատ կարեւոր է պահպանել դրական կապերը քիւրտերուն հետ: Գամիշիլի ապրող մեր հայրենակիցը նաեւ ըսաւ, որ շրջանին մէջ նաեւ կան Ասորի զինեալ խմբաւորումներ, որոնք նոյնպէս ապահովական աշխատանք կը կատարեն եւ վայելեն պետական հովանաւորչութիւն: Ան նոյնպէս նշեց, որ ասորիներու զինեալ ջոկատները կը գործեն Սաթորո անուան տակ: Ճապաղջուրեան ըսաւ, որ կարգաւորելու համար հայութեան յարաբերութիւնները կը գործէ տեղական մշտական մարմին մը, որուն աշխատանքներու ծիրին մէջ կ'ինյայ թէ ներքին եւ թէ արտաքին հարցերը կարգաւորելու պարտականութիւնները: Խօսելով Հասիչէի շրջանին մէջ ապրող հայերուն մասին Ճապաղջուրեան ըսաւ, որ ISIS-ի կատարած վերջին գրոհներուն հետեւանքով շրջանէն մեծ թիւով հայեր հեռացան դէպի Գամիշլի եւ արժանացան տեղի մարմիններու ամբողջական հոգատարութեան: Ճապաղջուրեան յիշատակեց Հայ Կաթողիկէ միաբան Հայր Անդրանիկ Վրդ. Այվազեանին անունը, եւ զինք կոչեց Գամիշլիի բոլոր հայերուն հայրը: Ան նաեւ ըսաւ, որ Հայր Անդրանիկ կարեւոր աշխատանք կը տանի եւ միջազգային կազմակերպութիւններէ տրամադրուած օժանդակութիւնները հաւասարպէս կը բաժնէ բոլոր հայորդիներուն: Համբիկ Ճապաղջուրեան իր խօսքի աւարտին ցաւ յայտնեց, որ Սուրիոյ հայերը չկրցան ամբողջութեամբ Հայաստան հաստատուիլ յիշեցնելով, որ Սուրիոյ տագնապէն առաջ կար Իրաքի տագնապը բայց եւ այնպէս այս բոլոր տագնապները դաս չդարձան հայութեան: Ան մտահոգութիւն յայտնեց, որ մեծ թիւով սուրիահայեր Հայաստան հաստատուելու փոխարէն ծանր պայմաններու բերումով ստիպուած եղան դէպի եւրոպական հեռաւոր ափեր երթալ, այդպիսով վտանգելով ապագայ սերունդներուն հայ մնալու հարցը: Ճապաղջուրեան նաեւ ըսաւ, որ իր կարծիքով Հայաստանէն դուրս եղած կամ ըլլալիք հայութեան բոլոր կառոյցները ժամանակաւոր են եւ միակ ու վերջին հանգրուանը Հայաստանն է: Յիշեցնենք, որ Ճապաղջուրեան բնիկ Հալէպցի է եւ Սուրիոյ տագնապին վերջին զարգացումներէն ետք պայմաններու բերումով բնակութիւն հաստատած է Գամիշլիի մէջ: