image

Վեհանոյշ «Ազգին Տան» մէջ (Ա). Գրեց՝ Բագրատ Էսդուգեան

Վեհանոյշ «Ազգին Տան» մէջ (Ա). Գրեց՝ Բագրատ Էսդուգեան

Վե­հանոյշ սո­վոր չէր ծե­րանո­ցի կարգ ու կա­նոնին։ Պատ­կե­րացում չու­նէր թէ ար­դեօք ընդհա­նուր ճա­շարա­նի դրու­թիւն մը կա՞ր, թէ ոչ տար­բեր կի­րար­կում։ Օրե­րու, նոյ­նիսկ ժա­մերու ըն­թացքին պար­զուեցան բազ­մա­թիւ նիւ­թեր։ Սուրբ Փրկիչ Հի­ւան­դա­նոց որ կ՚ըսեն, իրա­կանու­թեան մէջ հա­մալիր մըն է։ Այդ հա­մալի­րի ան­ջատ բա­ժին­ներն են հի­ւան­դա­նոցը, ծե­րանո­ցը, նաեւ յի­մարա­նոցը։

Ծե­րանոցն ալ իր մէջ բա­ժանումներ ու­նի։ Վե­հանոյ­շին բնա­կած հա­տուա­ծը բա­րերա­րի մը աջակ­ցութիւ­նով նոր կա­ռու­ցո­ւած բա­ժան­մունք մըն է։ Այստեղ իւ­րա­քան­չիւր բնա­կիչ ու­նի իր յա­տուկ սե­նեակը։ Կան նաեւ ամու­սիններ։ Իսկ հին բաժ­նին մէջ ծե­րերը եր­կու, եր­բեմն ալ երեք կամ չորս հո­գիով կը բաժ­նեն նոյն սե­նեակը։ Հոն կայ ընդհա­նուր ճա­շարան եւ կը տի­րէ աւե­լի խիստ կա­նոն­ներ։

 

Տա­րօրի­նակ զգա­ցում մըն էր այս։ Ըն­դա­մէնը ժա­մեր առաջ բա­ժանո­ւած էր իր հա­րազատ որ­դի­ներէն, մտքին մէջ պա­հելով նաեւ ան­գամ մըն ալ չհան­դի­պելու տխուր, բայց իրա­տես հա­ւանա­կանու­թիւնը։ Իսկ հի­մա բո­լորո­վին ան­ծա­նօթ ոս­տի­կան մը, ան­ցագրի վրայ մուտքի կնի­քը դրոշ­մե­լէ ետք, հա­րազա­տի մը ջեր­մութեամբ բա­րի գա­լուս կը մաղ­թէր։

Հաւատա­րիմ էր Ժի­րայ­րին դա­սըն­կե­րը։ Ան որ Սուրբ Փրկիչ Հի­ւան­դա­նոցի հո­գաբար­ձութեան ան­դամ էր եւ Ժի­րայր իր­մէ խնդրած էր մօ­րը՝ Վե­հանոյ­շին հա­մար ծե­րանո­ցի մէջ պատսպա­րուե­լու մի­ջոց մը ապա­հովե­լու մա­սին։ Այդ կար­գադրու­թեան հա­մար Ժի­րայր բա­ւական խո­շոր գու­մար մըն ալ ու­ղարկած էր իր վա­ղեմի ըն­կե­րոջ։

Ստե­փան հա­մարեա մէկ շաբ­թո­ւայ տե­ւողու­թեան մէջ դա­սաւո­րած էր ամէն ինչ եւ Պո­լիս վե­րադար­ձին ալ օդա­կայան փու­թա­լով դի­մաւո­րած էր զինք։

Եր­կա­րատեւ թռիչ­քի պատ­ճա­ռած յոգ­նութիւ­նը իս­կոյն վե­րացած էր, տես­նե­լով Ստե­փանի ջերմ հո­գածու­թիւնը։ «Բա­րի եկար Վե­հան մօր­քուր ես առ­նեմ ճամբրուկդ» ըսե­լով դի­մաւո­րած էր օդա­կայա­նին ել­քին։

Սա ու­րա­խու­թեան երկրորդ պահն էր ար­դէն, ինքնա­թիռի վայ­րէջք կա­տարե­լէն ետք։ Առա­ջինը ապ­րած էր ան­ցա­գիրը ստու­գող ոս­տի­կանի մօտ։ Այս վեր­ջի­նը նախ զգուշօ­րէն քննած էր ան­ցա­գիրը, ապա նա­յած էր դէ­պի իրեն, կնքած էր մուտքի էջը եւ նման ջեր­մութեամբ «Բա­րի գա­լուստ հայ­րե­նիք» ըսե­լով վե­րադար­ձուցած իրեն։

Տա­րօրի­նակ զգա­ցում մըն էր այս։ Ըն­դա­մէնը ժա­մեր առաջ բա­ժանո­ւած էր իր հա­րազատ որ­դի­ներէն, մտքին մէջ պա­հելով նաեւ ան­գամ մըն ալ չհան­դի­պելու տխուր, բայց իրա­տես հա­ւանա­կանու­թիւնը։ Իսկ հի­մա բո­լորո­վին ան­ծա­նօթ ոս­տի­կան մը, ան­ցագրի վրայ մուտքի կնի­քը դրոշ­մե­լէ ետք, հա­րազա­տի մը ջեր­մութեամբ բա­րի գա­լուս կը մաղ­թէր։ Հի­մա ալ Ստե­փանի ջերմ վե­րաբե­րու­մը կար­ծես թե­թեւ­ցուցած էին մտքին մէջ պտը­տուող ծանր մտա­հոգու­թիւննե­րը։

Յան­կարծա­կի որո­շում մըն էր այս, որ ծա­գած էր Ամե­րիկեան ոս­տի­կանա­տան մը մէջ յան­ցա­գոր­ծի վե­րաբեր­մունքի են­թարկուելէն ան­մի­ջապէս ետք։ Եթէ տի­րապե­տէր անգլե­րէնի նման դժո­ւարու­թիւն կ՚ապ­րէ՞ր ար­դեօք։ Այս մտա­ծած պա­հուն յի­շած էր իր շա­տախօս բա­րեկա­մը՝ Հոմ­լե­սը, որուն հետ այդքան եր­կար զրոյցներ ու­նե­ցած էր հա­կառակ հասկնա­լու իրա­րու ըսա­ծը։

Որ­քան զար­մա­նալի այդ չար պա­տահա­րէն ետք որ­դին, հար­սը, նոյ­նիսկ թոռ­նուհին… Ո՛չ, ո՛չ Նի­քոլը չմատ­նո­ւեցաւ այդ սխա­լին, ան աւե­լի տրա­մաբա­նական էր քան միւսնե­րը։ Անոնք իրա­ւացի կը գտնէին հա­րեւան տիկ­նոջ Տի­կին Վե­հանոյ­շի այ­ցե­լու­թե­նէն խրտչե­լով ոս­տի­կանի օգ­նութեան դի­մելը։ «Իրենք նման սո­վորու­թիւն չու­նին։ Այդ խեղ­ճը ուրկէ՞ գիտ­նայ քու նպա­տակդ։ Հե­տեւա­բար իմաստ մը չէ կրցած տալ սուրճի բա­ժակ­նե­րով ափ­սէն ձե­ռիդ իրենց այ­ցե­լու­թեան եր­թալդ» ըսած էր Ժի­րայ­րը։

Հարսն ալ ձայ­նակցած էր ամուսնոյն, յի­շեց­նե­լով թէ միայ­նակ տա­րեց կի­ները ալ աւե­լի մտա­հոգո­ւած կ՚ըլ­լան նման անակնկալ­նե­րու դի­մաց։ Պա­տահա­ծին անի­մաս­տութիւ­նը նկա­տողը Նի­քոլը եղած էր միայն։ Ծի­ծաղած էր իր Վե­հանոյշ տա­տիկէն վախ­ցող հա­րեւա­նու­հիի միամ­տութեան վրայ։

Վեր­ջա­պէս այդ օր ոս­տի­կանա­տու­նէ վե­րադար­ձին վճռած էր վե­րադառ­նալ Պո­լիս, ապաս­տա­նելու հա­մար Սուրբ Փրկիչ Ազ­գա­յին Հի­ւան­դա­նոց կամ ինչպէս շատ ան­գամ կ՚ըսո­ւի՝ Ազ­գին Տու­նը։

Այդ որո­շու­մը իս­կա­պէս ալ պա­հի տրա­մադ­րութեան դէմ հա­կազ­դե­ցու­թիւն մըն էր։ Չէր գի­տեր թէ նման որո­շու­մը ինչպի­սի՞ նոր սրտնե­ղու­թիւններ, ան­կանխա­տեսե­լի դժո­ւարու­թիւններ կրնայ բե­րել։ Սա­կայն այդ մտա­տան­ջութիւննե­րը եր­բեք չկի­սեց տնե­ցինե­րու կամ որե­ւէ մէ­կու հետ։ Որո­շած էր ան­գամ մը եւ պի­տի չփո­խէր այդ որո­շում։

Ստե­փան ամէն ինչ դա­սաւո­րած էր, երբ հա­սան Հա­յոց Ազ­գա­յին Հի­ւան­դա­նոց՝ Սուրբ Փրկի­չի մուտքը։ Հոն պաշ­տօ­նեայ մը դի­մաւո­րեց զի­րենք եւ առաջ­նորդեց մին­չեւ Վե­հանոյ­շի տրա­մադ­րո­ւած սե­նեակը։

Ստե­փանին շնոր­հա­կալու­թիւն յայտնեց իր տա­րած նա­խապատ­րաստու­թեան հա­մար։ Ամէն ինչ ան­թե­րի էր։ Նոյ­նիսկ ապա­հովո­ւած էր Պոլ­սոյ հա­յերէն թեր­թե­րու վեր­ջին հա­մար­նե­րը, որոնց բա­ժանոր­դագրո­ւած էր որ­դի­ներուն մօտ ապ­րած շրջա­նին իսկ։

Շու­տով դա­տար­կեց ճամբրու­կի բո­վան­դա­կու­թիւնը։ Եր­կու տա­րինե­ր առաջ այս նոյն ճամբրու­կով գա­ցած էր Ամե­րիկա եւ հա­մարեա նոյն պա­րու­նա­կու­թիւնով վե­րադար­ձած Պո­լիս։ Քա­նի մը կտոր հա­գուստե­ղէնը հան­դերձա­կալ տե­ղաւո­րելէ, տղոց ման­կութեան տա­րինե­րէն Տի­րանի հետ միասին առ­նո­ւած ըն­տա­նեկան լու­սանկա­րը գզրո­ցին վրայ տե­ղադ­րե­լէ ետք, իս­կոյն անդրա­դար­ձաւ որ աս­կէ ետք, այդ ճամբրու­կին ալ կա­րիք չու­նի։

Իւ­րա­քան­չիւր նոր խոր­հուրդ իր հետ կը վե­րակեն­դա­նաց­նէր հին յի­շատակ­ներ։ Յի­շեց այն օրը, երբ Տի­րան այս ճամբրու­կը ձե­ռին վե­րադար­ձած էր աշ­խա­տան­քէն։ «Նոր պա­տուէր մը ստա­ցայ Իզ­միր Տօ­նավա­ճառի լոյ­սի սար­քա­ւորումնե­րը պի­տի կազ­մեմ։ Միասին կ՚եր­թանք, քե­զի հա­մար ալ փո­փոխու­թիւն մը կ՚ըլ­լայ խոր­հե­լով Մեր­ճա­նի շու­կա­յէն գնե­ցի» ըսած էր։ Ու­րիշ ի՞նչ առիթ­ներ եղած էին այդ ճամբրու­կը գոր­ծա­ծելու, չէր գի­տեր։ Բայց յստակ գի­տէր թէ այս օրե­րէն ետք ու­րիշ առիթ մը պի­տի չըլ­լայ այդ ճամբրու­կը գոր­ծա­ծելու հա­մար։ Պա­տին քով դրաւ դա­տարկ պա­յու­սա­կը, որ­պէսզի յա­ջորդ օր առ­յա­ւէտ հե­ռաց­նէ, ինչպէս ան­ցեալին հե­ռացու­ցած էր ան­պէտք դար­ձած բազ­մա­թիւ իրեր։ Ան­կո­ղինին քով գզրոց մը, վրան ալ լու­սամփոփ մը կար։ Նախ վա­ռեց լու­սամփո­փը, ապա ան­ջա­տեց առաս­տա­ղէն կա­խուած ջա­հը։ Ան­գամ մըն ալ կի­սախա­ւար լու­սա­ւորու­թեան մէջ դի­տեց շուրջբո­լորը։ Հա­զիւ այդ պա­հուն մտա­բերեց պա­տու­հա­նէն դուրս նա­յիլ։ Դէ­պի պար­տէզ հա­րող այդ լու­սա­մու­տէն դի­տուած հի­ւան­դա­նոցի այս հա­տուածն ալ հա­ճելի թո­ւեցաւ Վե­հանոյ­շին։ Որո­շեց յա­ջորդ առա­ւօտ ալ աւե­լի մօ­տէն ճանչնալ այդ տա­րած­քը։ Նոյն պա­հուն ալ յի­շեց, Ստե­փանին հետ պայ­մա­նաւո­րուած էին այդ նոյն օրը այ­ցե­լել Տի­րանի շի­րիմը՝ Պա­լըք­լըի Գե­րեզ­մա­նատան մէջ։

Եւս զար­մա­նալի բան, 14 ժա­մուայ թռիչ­քէ ետք, երբ իրար խառ­նո­ւած էին տիւ եւ գի­շեր, Վե­հանոյշ առոյգ էր։ Գնե­լու կա­րիք չէր զգար։ Փոր­ձեց թղթա­տել օրո­ւայ թեր­թե­րը, բայց գո­հացաւ միայն խո­րագիր­նե­րով։ Կի­սամութ սե­նեակի մէջ այդքա­նը իսկ բա­ւարար եղան ու կո­պերը հնա­զան­դե­ցան իրենց վրայ ճնշող ծան­րութեան։

Քա­նի մը ժա­մուայ քու­նը բա­ւարար եկած էր սթա­փելու հա­մար։ Յա­ջորդ առա­ւօտ լու­սա­բացին դուրս ելաւ սե­նեակէն ու քա­նի մը աս­տի­ճան­ներ իջ­նե­լով հա­սաւ պար­տէզ։ Այդ պա­հուն բա­ցար­ձակ ան­ձայնու­թիւն կը տի­րէր ամե­նու­րէք։ Լսո­ւող միակ ձայ­նը ճնճղուկնե­րու ճռո­ւողիւնն էր։ Վե­հանոյշ ինքնա­բերա­բար դէ­պի ծա­ռերը ուղղեց հա­յեաց­քը եւ շրթնե­րու արան­քէն յայտնի-ան­յայտ դուրս եկան «Ձայ­ներնիդ սի­րեմ»։ Սա սո­վորոյթ մըն էր ու երբ լսէր թռչնոց ճռո­ւողու­նը եւ ոչ միայն ճռո­ւողու­նը՝ նոյ­նիսկ ագ­ռաւնե­րու, ճա­յերու պոռչտու­քը, իս­կոյն վրայ կու գար «Ձայ­ներնիդ սի­րեմ» բա­րեխօ­սու­թիւնը։

Սե­նեակէն ել­լե­լու պա­հուն իր հետ առած էր տոպ­րակ մը, որուն տե­ղադ­րած էր երե­կուայ օրա­թեր­թե­րը եւ ակ­նո­ցը։ Նստա­րան մը ընտրեց ու սկսաւ կար­դալ նա­խորդ գի­շեր աչ­քի ծայ­րով հե­տեւած խո­րագիր­նե­րու ման­րա­մաս­նութիւննե­րը։

Ու­րա­խաց­նող ոչինչ կար այդ լու­րե­րուն մէջ։ Միայն մէկը՝ որ կ՚աւե­տէր պոլ­սա­հայ երի­տասար­դուհիի մը շրջա­նաւար­տութիւ­նը Ամե­րիկեան չես գի­տեր որ հա­մալ­սա­րանի, չես գի­տեր որ բա­ժինէն։ «Բաղ­դը թող բաց ըլ­լայ» ըսաւ ու թեր­թը ծալ­լե­լով դար­ձեալ դրաւ տոպ­րա­կին մէջ։

Ար­դեօք Նի­քոլս ալ հա­մալ­սա­րան պի­տի յա­ճախէ մտա­բերեց պահ մը եւ ապա յի­շեց թոռ­նուհիին հրա­ժեշ­տի զրոյ­ցը։ Առա­ւօտուն, երբ դէ­պի դպրոց կը ճամ­բորդէր զինք, ուժգին սեղ­մած էր կրծքին, ռունգե­րու բո­լոր կա­րողու­թիւնով ներշնչած էր մա­զերուն բոյ­րը եւ կտա­կի նման խրա­տած. «Դպրոց եր­թա­լու կամ վե­րադար­ձի պա­հուն երբ որ հան­դի­պիս ան­պայման բա­րեւիր Հոմ­տե­սին։ Եթէ կրնաս որ­պի­սու­թիւն հար­ցուր։ Մի՛ մոռ­նար ան այստեղ իմ միակ բա­րեկամն էր»։

Նստա­րանը ճիշդ ալ իր սե­նեակին, սե­նեակի լու­սա­մու­տի տակն էր։ Այս նկա­տեց, երբ արե­գակը քիչ մը եւս բարձրա­ցաւ ու ճա­ռագայթնե­րը ին­կան իր վրայ։ «Ի՞նչ լաւ է, արե­ւել­քին նա­յող սե­նեակ ու­նիմ» մտա­ծեց։

Վրայ հա­սաւ կա­պոյտ հա­մազ­գեստով կին մը եւ յու­շեց թէ քիչ յե­տոյ պի­տի սկսի նա­խաճա­շի սպա­սար­կութիւ­նը։

Վե­հանոյշ սո­վոր չէր ծե­րանո­ցի կարգ ու կա­նոնին։ Պատ­կե­րացում չու­նէր թէ ար­դեօք ընդհա­նուր ճա­շարա­նի դրու­թիւն մը կա՞ր, թէ ոչ տար­բեր կի­րար­կում։ Օրե­րու, նոյ­նիսկ ժա­մերու ըն­թացքին պար­զուեցան բազ­մա­թիւ նիւ­թեր։ Սուրբ Փրկիչ Հի­ւան­դա­նոց որ կ՚ըսեն, իրա­կանու­թեան մէջ հա­մալիր մըն է։ Այդ հա­մալի­րի ան­ջատ բա­ժին­ներն են հի­ւան­դա­նոցը, ծե­րանո­ցը, նաեւ յի­մարա­նոցը։

Ծե­րանոցն ալ իր մէջ բա­ժանումներ ու­նի։ Վե­հանոյ­շին բնա­կած հա­տուա­ծը բա­րերա­րի մը աջակ­ցութիւ­նով նոր կա­ռու­ցո­ւած բա­ժան­մունք մըն է։ Այստեղ իւ­րա­քան­չիւր բնա­կիչ ու­նի իր յա­տուկ սե­նեակը։ Կան նաեւ ամու­սիններ։ Իսկ հին բաժ­նին մէջ ծե­րերը եր­կու, եր­բեմն ալ երեք կամ չորս հո­գիով կը բաժ­նեն նոյն սե­նեակը։ Հոն կայ ընդհա­նուր ճա­շարան եւ կը տի­րէ աւե­լի խիստ կա­նոն­ներ։

Կա­պոյտ հա­մազ­գեստով կնոջ ազ­դա­րարու­թիւնը լսե­լով վե­րադար­ձաւ սե­նեակ։ Քիչ անց եր­կու մա­տու­ցող երի­տասարդներ թա­կեցին Վե­հանոյ­շի դու­ռը։ Ափ­սէի մը մէջ հա­ւաքած էին նա­խաճա­շի ու­տեստնե­րը եւ տաք պա­հող սրո­ւակի մը մէջ ալ թէյ։ Բո­լորը խնամ­քով շա­րեցին սե­ղանին վրայ, ըսե­լով որ ժամ մը ետք կու գան ու կը վերցնեն պար­պո­ւած աման­նե­րը։ «Ժամ մը վերջ ես դուրսը պի­տի ըլ­լամ, բայց դու­ռը բաց է կրնաք վերցնել»։

Այս ըսե­լէ ետք հա­զիւ պա­տառ մը հաց տա­րած էր բեռ­նին, երբ խո­ժոռա­դէմ բուժքոյր մը մտաւ սե­նեակ եւ սկսաւ հարցմունքի։ «Ո՞ւր պի­տի եր­թաք։ Ին­չո՞ւ պի­տի եր­թաք։ Որ­մէ՞ ար­տօ­նու­թիւն առիք։ Ո՞ր ժա­մուն պի­տի եր­թաք եւ ե՞րբ պի­տի վե­րադառ­նաք։ Որո՞ւ հետ պի­տի եր­թաք։ Իմա­ցէք որ այստեղ Տին­կո­յի ախո­ռը չէ։ Չէք կրնար ձեր գլխուն փչած պա­հուն դուրս ել­լել։ Պէտք է նա­խապէս տե­ղեկաց­նէք։ Մենք պա­տաս­խա­նատու ենք ձեզ­մէ»։

Տի­կին Վե­հանոյշ բուժքոյ­րին սաս­տող ոճին պա­տաս­խա­նեց մեղմ ու խա­ղաղ շեշ­տադրու­թիւնով, բայց նաեւ խիստ վճռա­կամ նա­խադա­սու­թիւննե­րով։ Մի առ մի պա­տաս­խա­նեց բուժքոյ­րի հար­ցումնե­րը, վեր­ջա­ւորու­թեան թո­ւելով նաեւ հո­գաբար­ձու Ստե­փան Չիզ­մէ­ճեանի անու­նը։ Խօս­քը աւար­տին բե­րաւ. «Ինք այստեղ իմ հո­վանա­ւորն է» ըսե­լով։

Այս լսող բուժքոյ­րը հա­զիւ լսե­լի «շատ լաւ» մը թո­թովե­լէ ետք շու­տով դուրս ելաւ սե­նեակէն։

Բուժքոյ­րի խօ­սակ­ցութեան ոճը ճեղք մը գո­յացուց Վե­հանոյ­շի «Ազ­գին Տու­նը» ըն­կա­լու­մը շպա­րող ոս­կե­թեր­թին վրայ։ Բուժքոյ­րի հետ իր զրոյ­ցը ընթա­ցած էր տե­ղական լե­զուով՝ թրքերէնով։

(Շա­րունակելի)

 

Բագրատ Էսդուգեան

«Ակօս»