Վարպետ ծանրորդ Եուրի Վարդանեանը այսօր՝ 13 նոյեմբերին, յուղարկաւորեցին Կոմիտասի անուան պանթէոնին մէջ։
Մինչ այդ Երեւանի Կարէն Տէմիրճեանի անուան մարզահամերգային համալիրին մէջ տեղի ունեցած է ԽՍՀՄ սփորթի վաստակաւոր վարպետ, Ողիմպիական խաղերու, աշխարհի եւ Եւրոպայի ախոյեան Եուրի Վարդանեանի քաղաքացիական հրաժեշտի արարողութիւնը։ Ծանրորդին հրաժեշտ տալու եկած էին վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանը, ԱԺ նախագահ Արա Բաբլոյեանը, Կառավարութեան անդամներ, Սահմանադրական դատարանի նախագահ Հրայր Թովմասեանը, ՀԱՕԿ նախագահ Գագիկ Ծառուկեանը, նախկին եւ գործող պատգամաւորներ։
Յիշեցնենք, որ Եուրի Վարդանեանը մահացած է ԱՄՆ–ի մէջ 62 տարեկանին։