Թուրք փրոֆեսոր Պասքըն Օրանը, որ տարիներ շարունակ զբաղուած է Հայոց ցեղասպանութեան պատմութեան ուսումնասիրութեամբ, արձագանգած է Գերմանիոյ դաշնային խորհրդարանի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման: Այս մասին կը տեղեկացնէ թրքական «T24.com.tr» կայքը, նշելով, որ Օրանի համաձայն, Թուրքիան պէտք է յատուկ շրջաբերական հրապարակէ եւ ներողութիւն խնդրէ հայերէն: Օրանի համաձայն, Անգարան նաեւ ներողութիւն պէտք է խնդրի իր քաղաքացիներէն «այդ ողբերգութիւնը մինչեւ այսօր իրենցմէ թաքցնելուն համար»:
Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ Օրանը բարձրացուցած է նաեւ հայերու ունեցուածքի փոխհատուցման հարցը: Ան գրած է. «Քանի տակաւին թրքական պետութիւնը կը շարունակէ ջայլամի քաղաքականութիւնը, միջազգային հանրութեան կողմէ իրեն հասնող հարուածները պիտի շատնան եւ աւելի ուժեղանան»: Օրանի կարծիքով, հայոց հանդէպ կատարուածի ժխտումներու շարքը կը խայտառակէ Թուրքիան, «Ես ինչո՞ւ պիտի քողարկեմ երիտթուրքերու յանցագործութիւնները», ըսած է ան: