Թուրքիա- («Ալ-Տիար»- Պէյրութ)- Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան ըսած է, որ իր երկիրը առանձին պիտի դիմադրէ՝ Սուրիայէն սահմանային Քիլիսի դէմ եղած յարձակումներուն, եթէ արտաքին ուժերէն օգնութիւն չստանայ: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Ալ-Տիար», նշելով, որ Էրտողան Պոլսոյ մէջ երեքշաբթի 17 մայիսին կայացած հանդիպման նաեւ շեշտած, որ Թուրքիան պիտի յաղթէ «Իսլամական պետութեան» (Տահէշ) եւ առանձին պիտի լուծէ այս խնդիրը: «Մենք բոլոր դռները զարկինք, սակայն ոչ ոք ուզեց մեզ օգնել», -ըսած է ան, շեշտելով, որ եթէ աշխարհը ձախողի վճռական գործողութիւններ ձեռնարկել ահաբեկչութեան դէմ, ապա ան այլեւս ապահով վայր մը չի կրնար ըլլալ:
Նշենք, որ Քիլիս քաղաքը, որ կը գտնուի «Տահէշ»ի կողմէ գրաւուած սուրիական շրջանի մը կողքը, վերջերս բազմակի հրթիռային յարձակումներու ենթարկուած էր: Թուրք պատասխանատուներ այս առումով Ուաշինկթընի վարած Միջազգային դաշնութենէն օգնութիւն կը խնդրեն, իր սահմանները պաշտպանելու ուղղութեամբ: