«Ժողովրդավարութիւն եւ առաջընթաց» կուսակցութեան նախագահ, Թուրքիոյ նախկին փոխվարչապետ՝ Ալի Պապաճան 7 նոյեմբերին կուսակցութեան Մարտինի նահանգային համագումարին խօսած է Կեդրոնական դրամատան նախագահ՝ Մուրատ Օյսալի պաշտօնանկութեան մասին:
«Կէս գիշերուայ գործողութեան հետեւանքով Կեդրոնական դրամատան ղեկավարը հեռացուեցաւ պաշտօնէն: Եկէք չմոռնանք, որ տնտեսութեան մէջ տեղի ունեցածի հիմնական պատճառը նախագահական կառավարման համակարգն է եւ կուսակցութեան վարչակազմը, որոնք կը բացառեն հաստատութենական միտքն ու ընդհանուր մտածողութիւնը: Այս երկրի խնդիրները հնարաւոր չէ լուծել, քանի դեռ չէ փոխուած ներկայ վարչական համակարգը եւ մեզ ղեկավարող այս մտածելակերպը», - ըսած է Պապաճան:
Պապաճան նշած է, որ իր իշխանութեան տարիներու 24 միլիառի պակասուրդը այժմ դարձած է 29 միլիառ: Նախկին փոխվարչապետը տնտեսութեան փլուզման եւ Թուրքիոյ քաղաքացիներու աղքատացման ողջ պատասխանատւութիւնը դրած է Թուրքիոյ ներկայ կառավարութեան վրայ եւ հաւաստիացուցած, որ ո՛չ Էրտողանը, ո՛չ ալ մեղաւոր որեւէ անձ կրնայ խուսափիլ պատասխանատւութենէն:
Յիշեցնենք, որ Թուրքիոյ նախագահ՝ Ռէճէպ Թայէպ Էրտողան աշխատանքէն ազատած է երկրի Կեդրոնական դրամատան ղեկավար Մուրատ Ոյսալային, Թուրքիոյ ազգային արժոյթի՝ լիրայի մրցանշային անկման ֆոնին: