image
Հրատապ լուրեր:

Երգչուհի Սիպիլ Կը Զօրակցի Սուրիահայերուն

Երգչուհի  Սիպիլ Կը Զօրակցի Սուրիահայերուն

Պոլսահայ յայտնի երգչուհը Սիպիլ Փէքթորոսօղլու իր դիմատետրի էջի վրայ զօրակցական գրառում մը թողարկած է՝ յանուն սուրիահայութեան: Ան գրառման մէջ կոչ կ'ուղղէ հետեւիլ եւ մասնակցիլ այսօր, Փետրուար 21-ին SARF-ի կազմակերպած «Փրկէ կեանք մը» (Save A Life) թէլէթոնին, որ նուիրուած է սուրիահայութեան նպաստին, ուր ան կ'ըսէ. «Զօրակցի՛նք Սուրիահայութեան՝ որպէսզի յաղթանակենք որպէս  ՄԷԿ ազգ։ #helpSARF» :