image

Դիւանագիտական Պատուիրակութիւն մը Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Վարժարան այցելեց

Դիւանագիտական  Պատուիրակութիւն մը  Հայ  Կաթողիկէ Մեսրոպեան Վարժարան  այցելեց

Մխիթարեան միաբան Հայր Գրիգորիս վրդ. Սերենեանի առաջնորդութեամբ, Լիբանանի մօտ հաւատարմագրուած դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու բազմազգ պատուիրակութիւն մը Մարտ 12, 2016-ին այցելեց Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարան, ուր հիւրընկալուեցաւ վարժարանի տնօրէն պարոն Կրէկուար Գալուստի կողմէ: Հիւրերը ծանօթացան Մեսրոպեանի կառոյցին եւ կրթական ծրագրին, բարձրօրէն գնահատելով շրջանի բնակչութեան կրթական կարիքներու ծառայութեան համար ի գործ դրուող ճիգն ու աշխատանքը:Պատուիրակութիւնը Մեսրոպեան վարժարան այցելեց Պուրճ Համուտի հայկական հաստատութիւններ կատարած իր ճանաչողական շրջապտոյտի ծիրին մէջ: