Ամերիկահայ անուանի դերասան Քէն Տաւիտեան բուժում ստանալէ ետք դուրս եկած է հիւանդանոցէն: Դերասանը այս մասին գրառում կատարած է իր Ֆէյսպուքեան էջին վրայ, յայտնելով նաեւ, որ Ուրբաթ օրունընէ ի վեր կը գտնուէր հիւանդանոց ոտքի բորբոքումէն մը բուժուելու նպատակով: Տաւիտեան, որ մասնակցած է տասնեակ Ֆիլմերու աւելի շատ յայտնի է «Պորաթ» ֆիլմի հերոս Ազամաթ Պակաթով կերպարին մարմնաւորմամբ: