image

Չաւուշօղլու. «Դեսպանատան փողոցը պիտի անուանենք Քարլովի անունով»

Չաւուշօղլու. «Դեսպանատան փողոցը պիտի անուանենք Քարլովի անունով»

Թուրքիոյ, Ռուսաստանի եւ Իրանի արտաքին գործոց նախարարներու` սուրիական ճգնաժամի թեմայով հաւաքի ընթացքին Մոսկուա մեկնած Թուրքիոյ արտգործնախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն հանդիպած է ռուս պաշտօնակից Սերկէյ Լաւրովի հետ: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Haberler.com» լրատուական կայքը, նշելով, որ տեղի ունեցած Լաւրով-Չաւուշօղլու հանդիպման ժամանակ Թուրքիոյ արտգործնախարարը ցաւակցութիւն յայտնած է Անգարայի մէջ Ռուսաստանի դեսպանի սպանութեան առթիւ: Երկու նախարարները նաեւ ծաղիկ դրած են սպանուած ռուս դեսպան Անտրէյ Քարլովի յիշատակին պատրաստուած սգոյ անկիւնին:

Չաւուշօղլուն, անդրադառնալով դեսպանի սպանութեան միջադէպին, ըսած է. «Պարոն Քարլովը լաւ դիւանագէտ ըլլալէ բացի, նաեւ հրաշալի մարդ էր:  Ինձ համար լաւ ընկեր էր: Անոր անունը պիտի ապրի ե՛ւ մեր սրտերուն մէջ ե՛ւ Անգարայի մէջ: Այն փողոցը, ուր կը գտնուի ձեր դեսպանատունը, պիտի անուանենք Քարլովի անունով»: