Մէկէ աւելի բրիտանական ծառայութիւններ տեղեկութիւն կը հաղորդեն Մեծն Բրիտանիոյ Եւրոպական Միութիւնէն դուրս գալուն մասին: Նշենք, որ նախնական տուեալներով երկրի 46 mիլիոն քուարկողներուն 51.5 առ հարիւրը կողմ քուարկած է Բրիտանիոյ Եւրոպական Միութիւնէն դուրս գալուն ի նպաստ: Ըստ «Ռօյթըրզ»ի 1985 թուականէն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով բրիտանական Փաունտը ամերիկեան տոլարին դիմաց մեծ անկում կրած է: Փաունտը տոլարին դիմաց նահանջած է 11% կէտով: