Լաթաքիոյ մէջ նշուած է Բարեկենդանի տօնը: Այս մասին տեղեկութիւնը ստացանք Լաթաքիոյ մեր աղբիւրէն, որ նաեւ յայտնեց, թէ տօնը կազմակերպուած եղած է Լաթաքիոյ ՀԲԸՄ Տիկնանց յանձնախումբին կողմէ: Աւանդապաշտ և հայկական ճոխ մթնոլորտի մը մէջ մասնակից փոքրիկները տողանցած են հայկական և սուրիական դրօշներով: Կազմակերպիչ մարմնին անունով խօսք առած է Տիկն. Անի Զէյթունցեան, որ իր խօսքին մէջ մանրամասն բացատրած է բարեկենդանի իմաստը հեթանոսական շրջանէն մինչեւ մեր օրերը: Ան շեշտած է քրիստոնէական հաւատքի ու լեզուի կարեւորութեան մասին։ Միջոցառման նոյնպէս ներկայ եղած են Հալէպի ծանր վիճակին հետեւանքով Լաթաքիա հաստատուած հայորդիներ: