Իսրայէլեան «Տեպքա» կայքը 4 դեկտեմբերին, զեկոյցով մը յայտնած է, թէ նախագահ Պաշշար Ասատ սկսած է իրանեան յեղափոխական պահակախումբի կրկնապատկերով նոր զինուժ հիմնել, պաշտպանելու զինք եւ՝ իշխանութեան երկարաձգութիւնը ապահովելու համար: Զեկոյցին մէջ նշուած է նաեւ, որ այս նոր զինուժը, որ «Հինգերորդ փաղանգ» կը կոչուի, պիտի կազմուի սուրիական բանակէն եւ Սուրիա գտնուող Հըզպալլայի ուժերէն, որոնց ղեկավարները պիտի ըլլան իրանցի սպաներ:
Միւս կողմէն, Սուրիոյ մէջ պատերազմող միջազգային դաշնութեան բարձրաստիճան պատասխանատու մը բացայայտած է, թէ սուրիական բանակը, Ռուսիոյ գլխաւորութեամբ, նպատակ ունի արեւելեան Հալէպը ամբողջութեամբ վերագրաւել , նախքան ԱՄՆ-ի նորընտիր նախագահին պաշտօնավարումը:
Ռոյթըրզ նշած է նաեւ, որ «Հալէպ իւրայատուկ կարեւորութիւն ունի սուրիական ընդդիմութեան համար, անոր կորուստը գետնի վրայ իրավիճակի ընդհանուր յեղաշրջման կրնայ յանգեցնել՝ ի նպաստ Ասատին, մանաւանդ երբ ընդդիմութեան փաղանգները զուգահեռաբար կը տուժեն նաեւ Դամասկոսի, Հոմսի, Համայի եւ Լաթաքիոյ ծայրամասերուն մէջ»: