image

ArtLinks երիտասարդական ցանցի 2016-ի հաւաքը Գանատայի մէջ

ArtLinks երիտասարդական ցանցի 2016-ի հաւաքը Գանատայի մէջ

Համազգայինի ArtLinks երիտասարդական ցանցի 2016-ի հաւաքը այս տարի տեղի պիտի ունենայ Գանատայի մէջ, 30 յունիսէն -3 յուլիսին, կազմակերպութեամբ Համազգայինի ԱՄՆ-ի արեւելեան, արեւմտեան եւ Գանատայի շրջաններուն: ArtLinks ծրագիրը աշխատանոցները  արուեստագէտներու միջեւ երկխօսութեան միջավայր մը պիտի ըլլան։ Այդ աշխատանոցները պիտի վարեն արուեստի տարբեր բնագաւառներու՝ գրականութեան, երաժշտութեան, թատրոնի, պարարուեստի, սինեմայի, լրագրութեան ոլորտի համբաւաւոր հայ արուեստագէտներ: Ծրագրի տնօրէնն է Խաչիկ Մուրատեանը:

Նշենք, որ Հիւսիսային Ամերիկայի մէջ, Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային միութիւնը առաջին անգամ կազմակերպած էր ArtLinks Երիտասարդական Ցանցի ծրագիրը: Ծրագիրը կը գործադրուի տարեկան դրութեամբ: Առաջին հաւաքը տեղի ունեցած էր Նիւ Եորքի Hunter շրջանին մէջ, Օգոստոս 2015-ին։