image

Արցախի մէջ թշնամիի կրակով 9 ամեայ երեխայ մը զոհուած է

Արցախի մէջ թշնամիի կրակով 9 ամեայ երեխայ մը զոհուած է

Արցախի նկատմամբ Ատրպէյճանի սանձազերծուած գործողութիւններու հետեւանքով Մարտակերտի մէջ 9 ամեայ երեխայ մը զոհուած է: Այս մասին Հանրային հեռուստաընկերութեան «Լուրեր» լրատուականին հետ զրոյցի ընթացքին նշած է բժշկական կեդրոնի աշխատակիցը, ներկայացնելով երեխայի մօր առողջական վիճակը:

«Երկու ոտքերէն հրազէնային վնասուածք ստացած է, տունէն դուրս ելած է երեխային հետ, դժբախտաբար 9 տարեկան երեխան մահացած է»,- ըսած է բժիշկը:

Ատրպէյճանական կողմին թիրախ դարձած է Մարտակերտ գտնուող քաղաքացիական ինքնաշարժը, ուր գտնուած են մայրը, երեխան եւ ընտանիքի միւս անդամները: