Լոնտոն- («Ալ-Տիար»- Պէյրութ»)- Լոնտոնի ընդդիմադիր Աշխատաւորներու կուսակցութեան իսլամ պատգամաւոր Սատէք Խանը դարձած է Լոնտոնի քաղաքապետութեան նախագահութիւնը շահող ամեմամօտ թեկնածուներէն մէկը: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Ալ-Տիար», նշելով, որ ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան յաջորդ հինգշաբթի, կրօնական լարուածութեամբ եւ ցեղապաշտական մեղադրանքներով ընթացած բուռն մրցակցութենէ ետք: Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, թէ Խանը 20 միաւորի տարբերութեամբ առաջ անցած է Պահպանողական կուսակցութեան թեկնածու Զաք Կոլտսմիսին, եւ անոր ամենամօտ մրցակիցն է՝ աշխարհի տնտեսական խոշորագոյն կեդրոններէն մէկու կառավարման մէջ:
Եթէ Խանը շահի այս ընտրութիւններուն, ապա ան պիտի յաջորդէ գործող քաղաքապետ, Պահպանողական կուսակցութենէն՝ Պորիս Ճոնսընին, դառնալով առաջին իսլամը, որ պիտի կառավարէ Եւրոպայի մեծ մայրաքաղաքներէն մէկը:
Նշենք, որ 8,6 միլիոն մարդ պարունակող Լոնտոնը կը համարուի աշխարհի բազմազան բնակչութիւն ունեցող քաղաքներէն մէկը, ուր հազոաւդէպ է, որ անձի ինքնութիւնը բրիտանական ընտրարշաւներու ընթացքին քաղաքական հարց դառնայ: Սակայն Կոլտսմիս, վարչապետ Քամերոնի օժանդակութեամբ կը կեդրոնանայ Խանի իսլամութեան վրայ, նշելով, որ ան վերջերս իսլամ ծայրայեղականներու հետ հանդէս եկած է: Միւս կողմէ մարդու իրաւունքներու պաշտպան, նախկին փաստաբան Սատէք Խան կ'ըսէ, որ ինք իր ամբողջ կեանքի ընթացքին պայքարած է ծայրայեղութեան դէմ: