image

Արա Այվազեան կը հաստատէ, որ ԱԳՆ-ի մօտ Թուրքիոյ հետ բանակցութիւններու որեւէ տեղեկութիւն չկայ

Արա Այվազեան կը հաստատէ, որ ԱԳՆ-ի մօտ Թուրքիոյ հետ բանակցութիւններու որեւէ տեղեկութիւն չկայ

 

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան տրամադրութեան տակ տեղեկութիւն չկայ որեւէ ձեւաչափի մասին, որու շրջածիրէն ներս պաշտօնական Անգարայի հետ կրնան կայանալ խորհրդակցութիւններ կամ բանակցութիւններ: Այս մասին 29 մարտին, ԱԺ արտաքին յարաբերութիւններու մշտական յանձնաժողովի նիստին 2020 թուականին կատարուած աշխատանքի հաշուետուութեան քննարկման ժամանակ ըսած է ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Արա Այվազեանը:

 

Անոր խօսքով՝ Հայաստանը բազմիցս հանդէս եկած է Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման նախաձեռնութիւններով, բայց վերջին նախաձեռնութիւնը՝ Ցիւրիխի գործընթացը, տապալած է Թուրքիոյ կողմէ:

«Մենք թշնամիներ չենք փնտռում, բայց երկկողմ յարաբերութիւններում կարեւոր է փոխադարձութեան սկզբունքը: Ակնկալում ենք, որ Թուրքիան լրջօրէն կը վերանայի Հայաստանի նկատմամբ ակրեսիւ (յարձակողական) քաղաքականութիւնը»,- նշած է Այվազեանը:

Նշենք, որ նախօրէին ՀՀ Անվտանգութեան խորհուրդի ղեկավար Արմէն Գրիգորեանը յայտարարած էր, որ Հայաստանին անհրաժեշտ է շտկել իր վերաբերմունքը Թուրքիոյ նկատմամբ: