«Ես այս ֆիլմին մէջ Րէպէքան՝ ազերի կին մը կը մարմնաւորեմ»,- «Արեւելք»ին ըսաւ ամերիկահայ դերասանուհի Անն Պետեան: Պետեան նաեւ ըսաւ, որ չորս ամիս է Ազրպէյճանի լեզուն կը սորվի, «թէեւ կը պատկերացնէի հերոս հայ կին մը մարմնաւորել, սակայն բեմադրիչի որոշումն էր այս դերը, եւ ես ընդառաջեցի»: Պետեան, որ դիտած էր Ճիւան Աւետիսեանի վերջին ֆիլմը («Թեւանիկ») ,ըսաւ. «Հետը կապի մէջ էի եւ պատրաստակամութիւնս յայտնած էի գործակցելու: Րէպէքան յղի աղջիկ մըն է, մեծ հարցեր ունի. չեմ ուզեր պատմել ֆիլմի մանրամասնութիւնները»,- շարունակեց Պետեան: Ան խօսելով իր Հայաստան տուած այցին մասին, ըսաւ՝ «Ես ամէն տարի Հայաստան կու գամ, երրորդ անգամ է որ Ղարաբաղ եմ: Կը զբաղիմ ֆիլմարուեստով, սկսած եմ աշխատանքս որպէս դերասանուհի Գանատա, Մոնթրէալ, անկէ անցայ Թորոնթօ, եւ ապա Նիւ Եորք ու Լոս Անճելըս: Մօտ տասներկու տարիէ դերեր կը խաղամ: Ընդհանրապէս հեռատեսիլային ֆիլմաշարերով ներկայացած եմ հանրութեան, հայերէն լեզուով առաջին գործս Վահէ Պէրպէրեանի հետ աշխատած եմ («Կեանք») թատրոնը, որ Պէյրութ ներկայացուելու հրաւէր ունէր, բայց դժբախտաբար չիրականացաւ: Կը մասնակցիմ «Թալք Շո» ծրագիրներու, որոնցմէ ամենանշանաւոր եւ թարգմանուածը «Լոս» ֆիլմաշարն է, անոր ընդմէջէն շատեր՝ Մոսկուայի եւ Պէյրութի մէջ կը ճանչնան զիս: Ֆիլմին մթնոլորտին մասին խօսելով Անն ըսաւ. «Այս ֆիլմին խմբակը շատ հետաքրքրական է, աշխարհի զանազան երկիրներէ ընտրուած, շատ լաւ կ'աշխատինք միասին: Ֆիլմին պատգամը, հաւատքի, յոյսի հետ կապուած է, զարմանալի, անհաւատալի անմեղութիւն կայ անոր մէջ, որ շատ հարազատ է գիւղի մթնոլորտին եւ մտածելակերպին»:«Ես շատ հպարտ եմ ու զգացուած եմ, այն աստիճան որ կը ցանկամ հոս մնալ ու ապրիլ այս հողին վրայ»,- եզրափակեց ամերիկահայ դերասանուհին: