image

Ամերիկացի գրող. «Թուրքիոյ սահմանները շուտով կը փոխուին»

Ամերիկացի գրող. «Թուրքիոյ սահմանները շուտով կը փոխուին»

Ժամանակակից ամերիկացի գրող Մայքլ Ռուպինը կը կանխատեսէ Թուրքիոյ մասնատումը: Թրքական «Birgün.net» լրատուակայքի տեղեկացմամբ՝ Ռուպին նոյնիսկ աւարտած կը համարէԹուրքիոյ մասնատման հոգեբանական փուլը:

Ամերիկացի գրողը, որ աւելի վաղ կանխատեսած էր նաեւ 15 յուլիսի յեղաշրջման փորձը, Թուրքիոյ մէջ ընթացող զարգացումները կը համեմատէ Եթովպիոյ, Սուտանի, Փաքիստանի հետ, որոնց մասնատումէն առաջացան նոր պետութիւններ՝ Էրիթրիան, Հարաւային Սուտանը, Պանկլատէշը: Հեղինակը կ'ընդգծէ, որ այս բոլոր դէպքերուն եւս մասնատման նախորդեցին երկարատեւ քաղաքացիական պատերազմներ, եղան հազարաւոր զոհեր, եւ  որ ամենակարեւորն է, դեռ մինչեւ փաստացի քաղաքական մասնատումը բնակչութեան միջեւ արդէն հոգեբանական օտարացում առաջացած էր:

«Նոր սերունդի թուրքերը քիւրտերուն եթէ ոչ թշնամի, ապա, ամէն պարագայի, օտար կը համարեն: Արեւմտեան կենսաոճը նախընտրող թուրքերու մեծ մասը ոտք անգամ չէ դրած Թուրքիոյ հարաւարեւելեան շրջաններ: Իսկ այս շրջանը բնակող քիւրտերու մեծ մասը երբեք չ'այցելեր Անթալիա, Պուրսա, Իզմիր: Թուրքիան հոգեբանական մասնատման գործընթացի մեջ է: Որոշակի պահի նոյնիսկ Էրտողանը հասկցաւ, որ նմանատիպ մասնատումը անխուսափելի է»:

Հեղինակը ուշադրութիւն կը հրաւիրէ այն հանգամանքի վրայ, որ Էրտողանը քիւրտերու նկատմամբ կը վարէ արիւնոտ եւ ստորացուցիչ քաղաքականութիւն: Ան կը յիշեցնէ, որ Էրտողան ընտրութիւններէն առաջ յոյս ունէր ստանալ քիւրտերու մեծ մասի քուէները, սակայն երբ հասկցաւ, որ այդ քուէներու կարիքը չկայ, մոռացաւ անոնց տուած բոլոր խոստումները:

Ռուպին իր յօդուածը կ'եզրափակէ հետեւեալ տողերով.

«Թուրքերը պէտք է հաշտուին իրականութեան հետ. Թուրքիան այժմ մասերու բաժանուած է: Պետութեան սահմանները շուտով կը փոփոխուին: Միայն թէ առայժմ անյայտ է՝ երկու առանձին պետութիւննե՞ր կ'առաջանան, թէ՞ Թուրքիոյ կազմին մէջ գտնուող  ֆետերացիա կը ստեղծուի: Թերեւս Էրտողան իրեն մեծ առաջնորդ կամ նոր Աթաթուրք կը համարէ, սակայն եթէ Աթաթուրքը կառուցեց ժամանակակից Թուրքիան, ապա Էրտողանը այն կործանելէ բացի ուրիշ ոչինչ չ'ըրաւ: Էրտողան պատմութեան մեջ կը մտնէ ոչ թէ որպէս հերոս, այլ որպէս հանուն իր գոռոզամտութեան Թուրքիան կործանած չարագործ»: