image

«Ալ-Նուսրա» մտադիր է պաշարել Հալէպը

«Ալ-Նուսրա» մտադիր է պաշարել Հալէպը

Սուրիա- («Ալ-Տիար»- Պէյրութ)- Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը երկուշաբթի 23 մայիսին յայտարարած է, որ «Ալ-Նուսրա»ի ահբեկիչները պատրաստ են  լայնածաւալ յարձակում սկսիլ Դամասկոսի, Ղութայի եւ Հալէպի մէջ գտնուող Սուրիական ուժերու դիրքերուն ուղղութեամբ: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Ալ-Տիար», նշելով, որ այս մասին Սուրիոյ ճգնաժամի կողմերու միջեւ հաշտեցման համակարգող, Համիմիմ կեդրոնի նախագահ Սերկէյ Քորալինքոն ըսած է. «Ալ-Նուսրա»ի պատկանող զինեալ խմբաւորումներն ու ընդդիմադիր  խումբերը, որոնք մաս կազմած են կազմակերպութեան, սկսած են վերադասաւորել իրենց ուժերն ու ապահովել զինամթերքի կարիքները, պատրաստուելով յարձակողական գործողութիւններու իրականացման»: Ռուս զօրավարը նաեւ նշած է, որ այս տեղեկութիւններու ճշգրտութիւնը կը հաւաստիացնեն ռուս զինուորականներն ու Սուրիոյ գաղտնի սպասարկութեան մարմինները, աւելցնելով, որ այն նաեւ կ'ապացուցեն Ղութայի մէջ բանակի դիրքերուն վրայ իրականացուող անընդմէջ ռմբակոծումները, ինչպէս նաեւ Դամասկոսի բնակելի թաղամասերու թիրախ դառնալը:

Քորալինքոն նաեւ  յայտնած է, որ «Ալ-Նուսրա»ն 6000 զինեալներէ բաղկացած կռուող խմբակ կազմելու գործ կը տանի Հալէպի մէջ, շրջափակելու համար սուրիական բանակը, մէկ կողմէն քաղաքի հարաւային հատուածին վրայ յարձակելով, եւ միւս կողմէ՝ դէպի հիւսիսային կողմը գտնուող Նըպպոլ քաղաքը տանող ճանապարհը փակելով: