image

AKP-ն Արտակարգ ժողով պիտի գումարէ.Լուրջ տարակարծութիւններ Թուրքիոյ մէջ

AKP-ն Արտակարգ ժողով պիտի գումարէ.Լուրջ տարակարծութիւններ Թուրքիոյ մէջ

Պոլիս- («CNN Turk»)- Թուրքիոյ մէջ իշխող «Արդարութիւն եւ Զարգացում» կուսակցութիւնը արտակարգ նիստ պիտի գումարէ յառաջիկայ շաբաթներու ընթացքին: Այս մասին կը տեղեկացնէ CNN Turkը, նշելով, որ չորեքշաբթի երեկոյեան Տաւութօղլուն շուրջ 90 րոպէ հանդիպում ունեցած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ, ուր սուր տարակարծութիւններ եւ հակադրութիւն ծագած է երկու առաջնորդներու միջեւ:

Աղբիւրի համաձայն, այս առումով անորոշութիւն կը տիրէ վարչապետ Ահմետ Տաւութօղլուի ապագայի շուրջ: Կը հաղորդուի նաեւ, որ այս կապակցութեամբ մամլոյ ասուլիս մը պիտի տրուի հինգշաբթի օր, կուսակցութեան կենդրոնական գործադիր կոմիտէի նիստէն անմիջապէս ետք: