Թուրքիա- Պոլսահայ լրագրող Րաֆֆի Հերմոն Արաքսի կարծիքով թուրք լրագրողը երէկ ծեծի ենթարկուած է երկրին մէջ տիրող մթմնոլորտին հետեւանքով, որուն հիմք տուած է երկրի նախագահը: Ռաֆֆի Հերմոն Արաքս նաեւ ըսաւ, թէ Էրտողան կը կարծէ, որ «ծայրայեղ ազգայնականները հրահրելով կրնայ անոնց քուէները ուղղել յօգուտ իր կուսակցութեան բայց Էրտողանի այս մօտեցումը սխալ է»: Հայ լրագրողը խօսելով Ահմատ Հաքանին մասին ըսաւ, որ ան յայտնի է հայութեան հանդէպ իր ունեցած յարգանքով եւ այն լրագրողներէն է, որ Հրանդ Տինքի նահատակութեան օրերուն փողոց իջնելով մասնակցած է «Ես ալ հայ եմ» խորագիրը կրող երթերուն: Ռաֆֆի Հերմոն Արաքս նաեւ նկատել տուաւ, որ Հաքան կու գայ Թուրքիոյ իսլամական շրջանակներէ բայց անոր բոլոր ըմբռնումները եւ կեցուածքները ժողովրդարավարական հիմք ունին, որուն համար լրագրողը վերջին շրջանին ենթակայ եղած է AKP իշխող կուսակցութեան պատասխանատուներու կողմէ իր դէմ սկսած արշաւի մը: Նշենք, որ թուրք լրագրողը ծանր ծեծի ենթարկուելէ ետք ստացած է որոշ կոտրուածքներ եւ ներկայիս կը գտնուի հիւանդաոցը: «Արեւելք»ի խօսակիցը նաեւ նշեց, որ յառաջիկայ ժամերուն Պոլսոյ մէջ յօգուտ Հաքանի բողոքի ցոյցեր կը սպասուին: