Փարիզի 3-րդ շրջանի թաղապետարանը 5 մարտին «Ցեղասպանութեան օր» կը կազմակերպէ: Այս առթիւ խօսք պիտի առնէ Փարիզի 3-րդ շրջանի թաղապետ Փիէր Էտենպաում եւ պիտի ներկայացուին երեք ժապաւէններ, կը գրէ «Հայ Ձայն»:
Այնուհետեւ երեք դասախօսութիւններ տեղի պիտի ունենան: Առաջին բաժինը կը կրէ «Յիշողութիւն» խորագիրը, կը բաղկանայ «Ցեղասպանութիւններու ժխտումը. հայկականին պարագան», «Բաղդատական վերլուծութիւն. Հրեաները, Հայերը եւ Թուցիները» եւ «Վերապրողներու հոգեխոցումը» ենթախորագրերը կրող բաժիններէ:
Առաջին բաժնին պիտի դասախօսեն Պորիս Աճէմեան, Գլէր Մուրատեան եւ Յարութիւն Գէորգեան:
Երկրորդ բաժինը որ կը կրէ «Փոխանցում» խորագիրը կը բաղկանայ «Փոխանցումը՝ հասարակական դաշտի վրայ», «Կրթութեան միջոցով փոխանցում» եւ «Մշակոյթի եւ արուեստի միջոցով փոխանցում» բաժիններէն: Երկրորդ՝ «Կրթութեան միջոցով փոխանցում»-ի բաժնին պիտի դասախօսեն Վենսան Տիւքլէռ եւ Փօլ Քէօսէեան:
«Կանխարգիլում» խորագրեալ երրորդ բաժնով երեք բաժիններու տիտղոսներն են՝ «Ցեղասպանութեան գործընթացի վելուծումը եւ կանխարգիլման միջոցները», «Իրաւաբանական տեսանկիւնները եւ սահմանները», «Արեւելքի քրիստոնեաները եւ վտանգի ենթակայ այլ գօտիներ»: Պիտի դասախօսէ նաեւ Իվ Թերնոն:
Այս առթիւ պիտի ներկայացուի գեղարուեստական յատուկ յայտագիր:
