image

40 Տարի անց Թուրքիա հողեր կը վերցնէ Վրաստանէն

40 Տարի անց Թուրքիա հողեր կը վերցնէ Վրաստանէն

Թուրքիա- («Տէյլի Սապահ»- Պոլիս)- Տարիներ տեւած բանակցութիւններէն ետք, Թուրքիան  Վրաստանի Հանրապետութենէն վերատիրացած է  զինք պատկանող 15,000 մթր. տարածքին: Այս մասին կը տեղեկացնէ «Տէյլի Սապահ», նշելով, որ Թուրքիոյ եւ Վրաստանի սահանագիծը հանդիսացող  «Շաք Սու» գետի ընթացքը  40  տարիներ առաջ փոխելու եւ գետի հունը դէպի թրքական հողերը տանելու հետեւանքով, Թուրքիան կորսնցուցած էր 15,000 մթր. տարածութիւն մը, որ մնացած էր Վրաստանի սահմանէն ներս:

«Սապահ» կը նշէ, որ 40 տարիներ առաջ այս տարածքին վերաբերեալ ծագած վէճի շուրջ երկու երկիրներու պատուիրակութիւններու բանակցութիւնները հանգած են արձանագրութեան մը, որ կը թելադրէ գետի հունը վերադարձնել իր բուն՝ 40 տարի առաջ եղած ընթացքին, եւ Թուրքիոյ հողերը վերադարձնել Հանրապետութեան:

Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ գետի հունը փոխուելէն առաջ նշեալ հողատարածքը անձնական սեփականութիւն էր եւ պատկանած եղած էր  Թուրքիոյ քաղաքացի Սուլեյման  Չէլիքին (78 տարեկան): Չելիք Վրաստանէն հողի վերատիրացման լուրը լսելէն ետք ըսած է. «Ես խոր վիշտ ապրեցայ, երբ կորսնցուցի իմ հողս 40 տարիներ առաջ,  բազմաթիւ բողոքագրեր դիմեցի իշխանութիւններուն, սակայն անոնք անփոյթ վերաբերուեցան իմ պահանջքներուն», աւելցնելով, որ ինք այս կապակցութեամբ շարք մը նամակներ յղած էր նախարարութիւններուն 2013 թ.ին, որուն հիմնա վրայ մարմին մը ներկայացած էր ստուգելու վայրը, եւ միացեալ՝ թրքական-վրացական յանձնաժողով մը առաջացուցած էր, այս հարցի լուծման համար:

Չելիք նաեւ իր մեծ ուրախութիւնը յայտնած էր, 40 տարիներ ետք հողը իրեն վերադարձուելու առթիւ, նշելով, որ  պիտի սկսի նախապատարաստական աշխատանքներ տանիլ զայն կրկին հողամշակութեան պատրաստելու համար: