image
Հրատապ լուրեր:
Կայլակ

Կայլակ

ԿԱՅԼԱԿ

Բուն անունով Մկօ Փանոսեան: Ծնած է 1974-ին Պէյրութ, Լիբանան: Նախնական ուսումը ստացած է Գարակէօզեան, ապա Սուրէն Խանամիրեան ազգային վարժարաններէն ներս (ֆանար)։ Առաջին բանաստեղծութիւնը գրած է 11 տարեկանին «Մեծ Եղեռն» խորագրով, որ տպուած է «Ազդակ» օրաթերթին մէջ եւ ան հպարտօրէն ասմունքած զայն մեծ բազմութեան առջեւ:

1989 Մարտին, պատերազմի վատթարացման պատճառաւ, հաստատուած է Գալիֆորնիա, ուր ճանչցած Թալինը՝ իր կեանքի սիրասուն ընկերը: 1998-ին, կազմած են իրենց սիրոյ բոյնը եւ բախտաւորուած երկու զաւակներով, որոնց անուններն են՝ Նայիրի եւ Արի:

27 տարիներու ընթացքին, բազմիցս առաջարկուած է իրեն գրել բազմազան երգեր, յորդորներ, առածներ եւ ոտանաւորներ (հոգեւոր, ազգային, հայրենասիրական եւ սիրային), զորս սիրայօժար յանձն առած է, լաւագոյնը նուիրելով իր ազգին, վարժարաններուն եւ հայ երգի յայտնի արուեստագէտներուն: Ներկայիս ունի աւելի քան 140 բանաստեղծութիւններ:

2012-ին, բազմաթիւ պահանջքներ ստանալով որոշած է ազգին եւ մշակոյթին պատուաբեր փունջ մը քերթուածներ նուիրել, հրատարակելով իր անդրանիկ հատորը «ՍԷՐ ՈՒ ԿՐԱԿ» խորագրով, որովհետեւ կը հաւատայ, թէ երբ Աստուած շնորհք տայ անձի մը, կ'ակնկալէ անկէ նաեւ որ այդ տաղանդը բեղմնաւորէ: «Սոյն հատորովս հայու համեստ տուրքս կը մատուցանեմ մեր գոյատեւման «Ադամանդեայ ապառաժ» Մեսրոպ Մաշտոցին»,- ըսած է ան:

2015-ին հրատարակած է իր երկրորդ հատորը «Ոսկէ Օրէնքը» խորագրով, որ կ'ընդգրկէ Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին նուիրուած քերթուածներու փունջ մը:

 

 

Յատկանշկան է, որ հեղինակը իր առաջին հատորին մէջ բանաստեղծութեամբ մը ներկայացուցած է, թէ Կայլակ գրչանունով մկրտած է զինք իր դուստրը Նայիրին: 

«Գտա՛յ հայր իմ, եւ արդարեւ, գտայ անունըդ գրչական», 

Ըսաւ Նայիրիս առջինեկ, հազիւ տասներկու տարեկան, 

«Դուն Կայլակ ես, հոսուն կաթիլ», յարեց՝ աչքերով ջրափայլ։

 


  • 12/08/2024

Ուզեցի թռչիլ

Ուզեցի թռչիլ, յիշելո՜ւ նորէն Մեր սուրբ պատիւը շնչ...
  • 02/08/2024

Եկեղեցին մեր խոնարհ

Մեր սուրբ հողը հայկական, ոչ գանձ ունի, ոչ ոսկի, Ո...
  • 30/07/2024

Մոմը Հայկազուն

Թոյլ տըւէք վառի, որ չխաւարի մոմը հայկազուն, Ինչպէ...
  • 23/07/2024

Հոգեր անտեղի

Դուք անմռունչ, դուք աննպաստ ու եղկելի, Անքոյթ մտք...
  • 11/07/2024

Ապստամբի՛ր. Գրեց՝ Կայլակ

Ապստամբի՛ր, դու նոր սերունդ, Ըմբոստացիր դէ՛մն իս...
  • 07/07/2024

Մենք ենք Լեզուն

Մե՛նք ենք լեզուն, հայոց լեզուն անմահական, Մաշտոց...
  • 03/07/2024

Սուրբ Հայրենիք

Սո՜ւրբ հայրենիք, ես կը զգամ ցնծութիւնըդ կենսալի,...
  • 01/06/2024

Զարթիր ... Գրեց՝ Կայլակ

Զարթի՛ր հիմա, հանուն պատւիդ, Հազարամեայ քու սուրբ...
  • 24/05/2024

Նուիրում... Գրեց՝ Կայլակ

Մինչեւ այժըմ լռեցի, Խաղաղութեան տէր դարձայ, Բայց՝...