image
Կայլակ

Կայլակ

ԿԱՅԼԱԿ

Բուն անունով Մկօ Փանոսեան: Ծնած է 1974-ին Պէյրութ, Լիբանան: Նախնական ուսումը ստացած է Գարակէօզեան, ապա Սուրէն Խանամիրեան ազգային վարժարաններէն ներս (ֆանար)։ Առաջին բանաստեղծութիւնը գրած է 11 տարեկանին «Մեծ Եղեռն» խորագրով, որ տպուած է «Ազդակ» օրաթերթին մէջ եւ ան հպարտօրէն ասմունքած զայն մեծ բազմութեան առջեւ:

1989 Մարտին, պատերազմի վատթարացման պատճառաւ, հաստատուած է Գալիֆորնիա, ուր ճանչցած Թալինը՝ իր կեանքի սիրասուն ընկերը: 1998-ին, կազմած են իրենց սիրոյ բոյնը եւ բախտաւորուած երկու զաւակներով, որոնց անուններն են՝ Նայիրի եւ Արի:

27 տարիներու ընթացքին, բազմիցս առաջարկուած է իրեն գրել բազմազան երգեր, յորդորներ, առածներ եւ ոտանաւորներ (հոգեւոր, ազգային, հայրենասիրական եւ սիրային), զորս սիրայօժար յանձն առած է, լաւագոյնը նուիրելով իր ազգին, վարժարաններուն եւ հայ երգի յայտնի արուեստագէտներուն: Ներկայիս ունի աւելի քան 140 բանաստեղծութիւններ:

2012-ին, բազմաթիւ պահանջքներ ստանալով որոշած է ազգին եւ մշակոյթին պատուաբեր փունջ մը քերթուածներ նուիրել, հրատարակելով իր անդրանիկ հատորը «ՍԷՐ ՈՒ ԿՐԱԿ» խորագրով, որովհետեւ կը հաւատայ, թէ երբ Աստուած շնորհք տայ անձի մը, կ'ակնկալէ անկէ նաեւ որ այդ տաղանդը բեղմնաւորէ: «Սոյն հատորովս հայու համեստ տուրքս կը մատուցանեմ մեր գոյատեւման «Ադամանդեայ ապառաժ» Մեսրոպ Մաշտոցին»,- ըսած է ան:

2015-ին հրատարակած է իր երկրորդ հատորը «Ոսկէ Օրէնքը» խորագրով, որ կ'ընդգրկէ Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին նուիրուած քերթուածներու փունջ մը:

 

 

Յատկանշկան է, որ հեղինակը իր առաջին հատորին մէջ բանաստեղծութեամբ մը ներկայացուցած է, թէ Կայլակ գրչանունով մկրտած է զինք իր դուստրը Նայիրին: 

«Գտա՛յ հայր իմ, եւ արդարեւ, գտայ անունըդ գրչական», 

Ըսաւ Նայիրիս առջինեկ, հազիւ տասներկու տարեկան, 

«Դուն Կայլակ ես, հոսուն կաթիլ», յարեց՝ աչքերով ջրափայլ։

 


  • 02/02/2025

Վիրաւոր ընկեր

Հաւատում եմ դեռ, Չգիտեմ ինչու, բայց հաւատում եմ։...
  • 21/01/2025

Կեանք համերաշխ

Անդուլ մայրիկ, կը գովերգեմ անուշ սիրտըդ քու գերազ...
  • 15/01/2025

Գրիչ մը հեզ

Դուն, գերահրաշ խոհերով լի, խախուտ սրտի եռանդ անտե...
  • 09/01/2025

Աղաչում են Քեզ, Տէր, ի զո՜ւր

Բիւրաւոր մարդիկ աշխարհի ճաշակում են քեզ, Տէր Յիսո...
  • 31/12/2024

Լեռ իմ կեանքի

Լեռ իմ կեանքի, շո՜ւնչ աշխարհի, դուն ծանրախոհ մէկ...
  • 24/12/2024

Էլ յոյս չկայ

Այս կեանքն է նման աշխարհի, մէկ արեւ, մէկ անձրեւ ո...
  • 19/12/2024

Սուրիահայուն ողբը...

Հերիք՝ հեւքըն ահռելի, սուրիահայ լուռ սրտերուն, Հե...
  • 29/11/2024

Լուսատ երազ

Անմեղ եմ, եար հաւատա՛, ապրում եմ հովի նման, Դեռ...
  • 22/11/2024

Քեզ նուիրեմ

Ինչ արժէ էդ սիրուն ադամանդը, որ ծովու յատակն է, Ի...