image
Կայլակ

Կայլակ

ԿԱՅԼԱԿ

Բուն անունով Մկօ Փանոսեան: Ծնած է 1974-ին Պէյրութ, Լիբանան: Նախնական ուսումը ստացած է Գարակէօզեան, ապա Սուրէն Խանամիրեան ազգային վարժարաններէն ներս (ֆանար)։ Առաջին բանաստեղծութիւնը գրած է 11 տարեկանին «Մեծ Եղեռն» խորագրով, որ տպուած է «Ազդակ» օրաթերթին մէջ եւ ան հպարտօրէն ասմունքած զայն մեծ բազմութեան առջեւ:

1989 Մարտին, պատերազմի վատթարացման պատճառաւ, հաստատուած է Գալիֆորնիա, ուր ճանչցած Թալինը՝ իր կեանքի սիրասուն ընկերը: 1998-ին, կազմած են իրենց սիրոյ բոյնը եւ բախտաւորուած երկու զաւակներով, որոնց անուններն են՝ Նայիրի եւ Արի:

27 տարիներու ընթացքին, բազմիցս առաջարկուած է իրեն գրել բազմազան երգեր, յորդորներ, առածներ եւ ոտանաւորներ (հոգեւոր, ազգային, հայրենասիրական եւ սիրային), զորս սիրայօժար յանձն առած է, լաւագոյնը նուիրելով իր ազգին, վարժարաններուն եւ հայ երգի յայտնի արուեստագէտներուն: Ներկայիս ունի աւելի քան 140 բանաստեղծութիւններ:

2012-ին, բազմաթիւ պահանջքներ ստանալով որոշած է ազգին եւ մշակոյթին պատուաբեր փունջ մը քերթուածներ նուիրել, հրատարակելով իր անդրանիկ հատորը «ՍԷՐ ՈՒ ԿՐԱԿ» խորագրով, որովհետեւ կը հաւատայ, թէ երբ Աստուած շնորհք տայ անձի մը, կ'ակնկալէ անկէ նաեւ որ այդ տաղանդը բեղմնաւորէ: «Սոյն հատորովս հայու համեստ տուրքս կը մատուցանեմ մեր գոյատեւման «Ադամանդեայ ապառաժ» Մեսրոպ Մաշտոցին»,- ըսած է ան:

2015-ին հրատարակած է իր երկրորդ հատորը «Ոսկէ Օրէնքը» խորագրով, որ կ'ընդգրկէ Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին նուիրուած քերթուածներու փունջ մը:

 

 

Յատկանշկան է, որ հեղինակը իր առաջին հատորին մէջ բանաստեղծութեամբ մը ներկայացուցած է, թէ Կայլակ գրչանունով մկրտած է զինք իր դուստրը Նայիրին: 

«Գտա՛յ հայր իմ, եւ արդարեւ, գտայ անունըդ գրչական», 

Ըսաւ Նայիրիս առջինեկ, հազիւ տասներկու տարեկան, 

«Դուն Կայլակ ես, հոսուն կաթիլ», յարեց՝ աչքերով ջրափայլ։

 


  • 17/11/2024

Զանգ մշտահունչ...

Մեր մայրենի, մեր հրածին ասուն սիրտը Լիբանանի, Մեր...
  • 14/11/2024

Քու անմար սիրով, իմ անուշ մայրիկ

Երանելի՜ ես ու միշտ կը մնաս, Քանզի յաղթեցի՛ր այդ...
  • 06/11/2024

Անկեղծութիւն

Եւ տարածես ուր որ երթաս՝ Անկեղծութի՜ւն, քու փայլք...
  • 30/10/2024

Սուրբս անգին

Կը սիրեմ քեզ, ինչպէս դուն զիս, իմ ապաւէն սուրբըս...
  • 12/10/2024

Աւելին

Կեանքի կէտը գլխաւոր՝ Զգայուն սիրտն է մարդու, Ճոխա...
  • 09/10/2024

Դէպի նո՜ր երկինք

Դու իմ ո՜րբ երկիր՝ խեղճ զաւակներով, Քո հողն էլ ար...
  • 06/10/2024

Ուշադրութիւն

Ուշադրութիւն, ուշադրութի՜ւն, Աշխարհից՝ ուշադրութի...
  • 04/10/2024

Վեհափառ Մասիս

Որքա՜ն մեծ ես դուն, վեհափա՛ռ Մասիս, Որ դեռ կը տոկ...
  • 30/09/2024

Սուտ երազ

Անբերելի աշխարհի զո՜վ մանիշակ ճակատին՝ Եռապատիկ ք...