Ատրպէյճանի ՊՆ հաղորդագրութիւնը, թէ իբր ապրիլ 11-ին՝ ժամը 20:10-23։15-ն ինկած ժամանակահատուածին, ՀՀ ԶՈՒ ստորաբաժանումները կրակ բացած են սահմանագօտիի արեւելեան եւ հարաւարեւելեան հատուածներու մէջ տեղակայուած ատրպէյճանական դիրքերու ուղղութեամբ, չի համապատասխաներ իրականութեան, յայտնած է ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութիւնը:
Յիշեցնենք, որ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի աշխատակազմն առաջարկած է հրադադարի ռեժիմի խախտման դէպքերու եւ/կամ այդ մասին տեղեկութիւններու հետաքննութեան Հայաստան-Ատրպէյճան համատեղ մեխանիզմ ստեղծել, որուն մինչեւ օրս Ատրպէյճանը չէ արձագանգած։
Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը վերահաստատած է, որ ՀՀ վարչապետի աշխատակազմի դիրքորոշման համապատասխան՝ պատրաստ է հետաքննելու Ատրպէյճանի ՊՆ հաղորդագրութիւնը հիմնաւորող փաստերը՝ ատոնք ՀՀ-ին փոխանցելու պարագային։