image

Քար առ քար կը կերտուի հաւատքի տունը

Քար առ քար կը կերտուի հաւատքի տունը

Հայ եկեղեցւոյ կեանքին մէջ նոր սրբավայրի մը կառուցումը միայն շինարարական ծրագիր մը չէ, այլ՝ հաւաքական հաւատքի, զոհողութեան եւ յոյսի արտայայտութիւն մը։ Հաւատացեալ ժողովուրդի աղօթքներով, նուիրումով եւ անմիջական մասնակցութեամբ, աստիճանաբար մարմին կ՛առնէ այն տեսիլքը, որ վաղը պիտի վերածուի աղօթքի, մխիթարութեան եւ հոգեւոր վերանորոգման օճախի։

Այս առիթով, եւ յատկապէս Կլէնտէյլի Կեդրոնական Փողոցին վրայ կառուցուող եկեղեցւոյ մասին օրերս գրառում մը կատարած է ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմի Աւագ Քահանաներէն Արժ. Տ. Մանուկ Աւ. Քհնյ. Մարգարեան։

Ստորեւ գրառումն ամբողջութեամբ՝  

Սիրելի հաւատացեալներ, Աստուծոյ շնորհքով եւ ձեր անմիջական աջակցութեամբ հաստատուն քայլերով կը շարունակուի մեր նոր ու վեհաշուք եկեղեցւոյ շինարարութիւնը։ Վերջերս արդէն իսկ տեղադրուած է եկեղեցւոյ գմբէթը, իսկ այժմ ընթացքի մէջ են յաջորդ կարեւոր աշխատանքները՝ ներքին եւ արտաքին շինարարական փուլերը։ Մօտ ապագային նախատեսուած է նաեւ եկեղեցւոյ պատերուն քարապատումը։

Եկեղեցւոյ պատերուն քարապատումը եւ բազմաթիւ այլ կարեւոր աշխատանքներ օր ըստ օրէ աւելի ամբողջական պիտի դարձնեն մեր երազած սրբավայրը։ Իւրաքանչիւր աղօթք, իւրաքանչիւր աջակցութիւն եւ իւրաքանչիւր բարի մաղթանք կը դառնայ այս սրբավայրին ամուր հիմքերուն մէկ մասը։

Ամէն նոր ձեռքբերում մեզ աւելի կը մօտեցնէ այն օրհնեալ օրուան, երբ եկեղեցին պիտի բանայ իր դռները եւ պիտի դառնայ աղօթքի, մխիթարութեան, յոյսի եւ հոգեւոր վերազարթօնքի տուն՝ բոլորին համար։

Իսկ երբ գայ այդ սպասուած օրը, մեծ սիրով եւ ուրախութեամբ պիտի սպասենք ձեզմէ իւրաքանչիւրին աղօթական ներկայութեան, որպէսզի միասին, մէկ սիրտով ու մէկ հոգիով, փառաբանենք Ամենակալ Աստուածը եւ շնորհակալութիւն յայտնենք Անոր՝ այս մեծ օրհնութեան համար։

«Եթէ Տէրը տունը չշինէ, ի զուր կը տքնին անոր շինարարները» (Սաղմոս 126.1)։