Հայոց բանակի կազմաւորման 29-րդ տարեդարձի կապակցութեամբ զօրամիաւորումներու եւ ենթակայ զօրամասերու զինծառայողները «Եռաբլուր» զինուորական եւ քաղաքային պանթէոններուն մէջ յարգանքի տուրք մատուցած են հայրենիքի պաշտպանութեան համար զոհուած հայորդիներու յիշատակին, ծաղիկներ խոնարհած հերոսներու շիրիմներուն, կատարած մոմավառութիւն զօրամասերու մշտական տեղակայման վայրերու մերձակայ եկեղեցիներուն մէջ, մատուռներուն եւ Հայրենիքի համար զոհուած զինծառայողներուն նուիրուած յուշակոթողներուն մօտ։