image
Հրատապ լուրեր:

Եւրոպան պիտի ստանձնէ Ուքրանիոյ անվտանգութեան երաշխիքներու մեծ մասը. ԱՄՆ նախագահ

Եւրոպան պիտի ստանձնէ Ուքրանիոյ անվտանգութեան երաշխիքներու մեծ մասը. ԱՄՆ նախագահ

Եւրոպան պիտի ստանձնէ Ուքրանիոյ անվտանգութեան երաշխիքներու մեծ մասը, բայց Միացեալ Նահանգները անպայման պիտի օգնէ, յայտարարած է ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփ։

«Մենք զգալի առաջընթաց գրանցած ենք պատերազմը դադրեցնելու ուղղութեամբ։ Ես ծրագրած եմ նոր կապեր ունենալ Զելենսքիի հետ առաջիկայ երկու շաբթուան ընթացքին։ Մենք պէտք է հիմա համաձայնութեան գանք, հակառակ պարագային՝ աւելի շատ տարածքներ պիտի գրաւուին», - ըսած է Թրամփ մամուլի ասուլիսին։

ԱՄՆ նախագահը աւելցուցած է, որ ռազմական գործողութիւններու դադրեցման կարելի է հասնիլ քանի մը շաբթուան ընթացքին։ Ան մանրամասնած է, որ առաջիկայ օրերուն ուքրանական կողմին հետ կը սպասուին բազմաթիւ լրացուցիչ շփումներ, իսկ յաջորդ բանակցութիւնները նախատեսուած են 29 դեկտեմբերին։

Վլատիմիր Զելենսքի յայտարարած է, որ խաղաղութեան ծրագիրը 90%-ով համաձայնեցուած է, ԱՄՆ-ի կողմէ տրուած անվտանգութեան երաշխիքները 100%-ով համաձայնեցուած են, իսկ ԱՄՆ-ի եւ Եւրոպայի կողմէ տրուած երաշխիքները՝ 90%-ով համաձայնեցուած են։ Ան նաեւ նշած է, որ տարածքային հարցի լուծման միջոցներէն մէկը կրնայ ըլլալ Ուքրանիոյ մէջ հանրաքուէի կայացումը։