image

Ժագ Եուրէճեանէն կարեւոր նպաստ. Պիտի օգտուին գիւղական համայնքներու ուսանողները

Ժագ Եուրէճեանէն կարեւոր նպաստ. Պիտի օգտուին գիւղական  համայնքներու  ուսանողները

 Առիթով մը «Արեւելք»ի խմբագիր՝ Սագօ Արեանին  խօսելով  Ամերիկահայ (արմատները՝Երուսաղէմէն)  բարերար Ժագ Եուրէճեան նկատել տուած է, որ իր համար  բարերարութիւն  կատարելը եղած է ուսմունք եւ այդ ուսմունքը ստացած է լուսահոգի մօրմէն։

 

 Ան այս առումով  մասնաւորապէս ըսած է՝  «Մանկութիւնէս  մտքիս մէջ  միշտ դրոշմուած մէկ բան ՝ օգնել ուրիշին, օգնել կարօտեալին, օգնել քեզմէ տկարին եւ այդ մէկը մեզի փոխանցուած է   մօրմէս։ Այդ մեր համեստ վիճակին մէջ իսկ, ան միշտ կը խօսէր ու կը խրախուսէր, որ ուրիշին  պէտք է օգնենք, եւ ինքը իր կեանքով մեզի այդ ճամբան ցոյց տուաւ: Մայրս Լոս Անճելըսէն Կիւմրի գնաց 1988-ի երկրաշարժէն վերջ ու այնտեղ մնաց 10 տարի։ Այնտեղի «տոմիկներ»ուն  (թիթեղեայ տուներ Խմբ. ՝«Արեւելք») մէջ եղող  ընտանիքներուն հետ ապրեցաւ:  Յաճախ կ՚այցելէր Ամերիկա ու  առիթով մը երբ իրեն ըսի, թէ շատ յոգնած կ'երեւիս, այս անգամ յետաձգէ երթալդ, ան պատասխանեց,- «եթէ չերթամ, այնտեղի երեխաներուն դէմքերը շարժանկարի պէս աչքիս առջեւէն կ'անցնին, չեմ կրնար հանգիստ ընել, պէտք է երթամ»: 

 

 Ամերիկայի մէջ հանգանակութիւն  կ՚ընէր մեր բարեկամներէն, կազի լիցքաւորման կայաններէն, խանութներէն: Օր մը լսեցի բարեկամներէս, որ դրամահաւաք կ'ընէ, զարմանալով հարցուցի «մեր բարեկամներէն դրամ կ'ուզե՞ս», ըսաւ՝ «տղաս ինծի համար չէ հայրենիքի մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն համար է»։

 

Եւ այդպէս հաւաքած գումարները  պայուսակը լեցուցած կ'երթար Հայաստան: Այնտեղ ալ հիւանդութենէ վարակուեցաւ, որ պատճառ եղաւ իր մահուան: Երբ ես առաջին անգամ Կիւմրի այցելեցի, ի դէպ հոն շատ գործ ըրած եմ, այն զգացումը ունեցայ որ մայրս հետս կը քալէ Կիւմրիի փողոցներուն մէջ, շատ յուզուեցայ եւ մինչեւ հիմա կը յուզուիմ  եւ անշուշտ մարդոց օգնելու շնորքը  ծնողներուս, բայց մանաւանդ մօրս կը պարտիմ»։

 

  Եուրէճեան, որուն անունը ծանօթ է  մեր ընթերցողներէն շատերուն  օրերս հանդէս եկած է նոր  նախաձեռնութեամբ նպատակ ունենալով օգնութեան  հասնիլ յատկապէս հայրենի  հեռաւոր շէներու այն երիտասարդներուն, որոնք   կը փափաքին բարձրագոյն ուսում ստանալ։ 

 Նշենք նաեւ, որ Եուրէճեան  գործընկեր ու  պատուակալ  բարերար-անդամ է  է բնիկ պոլսահայ՝ Կարօ Արմէնի    հիմնադրած «Հայաստանի մանուկներ»  (COAF Children of Armenia)  կազմակերպութեան։ 

 Ստորեւ կը ներկայացնենք     Եուրէճեանի նոր նախաձեռնութեան մասին հրապարակուած լրատւութիւն եւ նորարանոր յաջողութիւններ ու յաւելեալ նուիրական օրեր  մաղթելով հանրայայտ  գործիչին։

 

2019ին, Հայաստանի Մանուկներու հիմնադրամին (COAF) հետ համագործակցելով, Լոս Անճելըսէն բարերարներ Ճէք եւ Զարան Եուրէճեանները Հայաստանի գիւղերու հազարաւոր ուսանողներու աջակցութեան ձեռք երկարելու նպատակով՝ կրթանպաստի յատուկ հիմնադրամ մը հաստատած էին:

Հիմնադրամը 2020-2021 կրթական տարեշրջանէն սկսած է օժանդակութիւն տրամադրել առաւել քան 50 գիւղերէ ստացուած դիմումներուն հիման վրայ ընտրուած ուսանողներու եւ կը խոստանայ անոնց ամբողջական նեցուկ տրամադրել մինչեւ որ անոնք շրջանաւարտ դառնան:

Կրթանպաստին կողքին, հիմնադրամը նաեւ կը տրամադրէ խորհրդատուական արժէքաւոր սպասարկութիւններ, որոնց շնորհիւ ուսանողները պիտի կարենան աւելի լաւ հիմնաւորուած որոշումներ տալ իրենց ապագայ ասպարէզը որոշելու ընթացքին:

Հայաստանի Մանուկներու հիմնադրամի գործունէութեան տարածքներուն մէջ գտնուող դպրոցներու աշակերտներուն այս ձեւով աջակցելու որոշումին խթանը հանդիսացած էր Եուրէճեաններուն այցելութիւնը Հայաստան, ուր անոնք նշմարած էին բարձրագոյն ուսման հետեւող ուսանողներուն նեցուկ կանգնելու կարեւորութիւնը:

Նշենք, որ Եուրէճեանները 2019ին արժանացած էին Հայաստանի Մանուկներու հիմնադրամի «Մարդասիրական մրցանակ»ին. անոնք Հայաստանի ու Սփիւռքի հայութեան այլ միջոցներով եւս աջակցութիւն ցուցաբերած են:

 

Նիւթը՝ համացանցէն