Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքին ժամանած է Հոլանտա, այցելած է Հաագայի Միջազգային քրէական դատարան: Ան պիտի հանդիպի նաեւ Հոլանտայի վարչապետ Մարք Ռիւթէի հետ եւ հանդէս պիտի գայ «Ուքրանիոյ համար չկայ խաղաղութիւն առանց արդարութեան» ելոյթով, յայտնած է «kommersant.ru»-ն:
«Մենք Հաագա ենք (Հոլանտա): Պիտի հանդիպինք Միջազգային քրէական դատարանի ղեկավարութեան հետ»,-ըսած է Ուքրանիոյ նախագահի մամուլի քարտուղար Սերգէյ Նիքիֆորովը:
Բացի այդ, Զելենսքին պիտի մասնակցի Հոլանտայի Ծերակոյտի նիստին։
Ուքրանիոյ նախագահը Հոլանտա ժամանած էր Ֆինլանտայէն։ Գերմանական N-TV հեռուստաալիքի հաղորդամբ՝ Զելենսքին չի ծրագրեր շուտ վերադառնալ Ուքրանիա, սակայն արտասահմանի մէջ անոր գտնուելու ստոյգ ծրագիրը չի բացայայտուիր «անվտանգութեան նկատառումներէ ելլելով»։ Հեռուստաալիքի աղբիւրները նշած են միայն, որ մայիս 13-ին Ուքրանիոյ նախագահը պիտի ժամանէ Պերլին