image

Զելենսքի- Միշել քննարկում. Թեման Լեհ-ուքրանական սահմանի վիճակն է

Զելենսքի- Միշել քննարկում. Թեման Լեհ-ուքրանական սահմանի վիճակն է

Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքին եւ Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շառլ Միշելը քննարկած են իրավիճակը լեհ-ուքրանական սահմանին, որ լեհ ագարակատէրները կը շարունակեն արգելափակել։

«Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ`այդ մասին հաղորդած է Ուքրանիոյ նախագահի գրասենեակը։

«Կողմերը քննարկած են իրավիճակն ուքրանա-լեհական սահմանին։ Վլատիմիր Զելենսքին ընդգծած է, որ Ուքրանիան պատրաստ է խորհրդակցութիւններու՝ իրադրութեան արագ եւ արդարացի լուծման նպատակով», - ըսուած է նախագահի կայքին մէջ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ։

Զելենսքին նաեւ ընդգծած է Ուքրանիոյ եւ ԵՄ-ի միջեւ առեւտուրի ազատականացման ռեժիմի շարունակման անհրաժեշտութիւնը, քանի որ, ըստ անոր, «պատերազմի ժամանակ նման աջակցութիւնը պակաս կարեւոր չէ», քան զէնքի մատակարարումներու միջոցով աջակցութիւնը։

Նշենք, որ Փետրուարի 20-ին լեհ ագարակատէրները բողոքի ցոյցի դուրս եկած էին Լեհաստանի 180 վայրերու մէջ: Անոնք գիւղատնտեսական սարքերը դուրս բերած են ճանապարհներ, ինչպէս նաեւ երկրի քանի մը խոշոր քաղաքներու փողոցներ։ Ցուցարարներն ամբողջութեամբ փակած են բեռնատարներու անցումը Ուքրանիոյ հետ սահմանի անցակէտերով, իսկ երեք անցակէտերու վրայ չեն ձգած նաեւ այլ տեսակի փոխադրամիջոցներու անցումը։ Մետիքայի անցակէտին մօտ ցուցարարները թափած են հացահատիկը շոգեկառքի վակոններէն։

Լեհ ագարակատէրները ցոյցերը սկսած են դեռ փետրուար 9-էն։ Անոնք պահանջած են սահմանափակել կամ ամբողջութեամբ արգիլել աժան գիւղատնտեսական արտադրանքի ներմուծումն Ուքրանիայէն, զօրացնել օժանդակութիւնն ազգային անասնաբուծութեան, ինչպէս նաեւ անհամաձայնութիւն յայտնած են Եւրոմիութեան «Կանաչ ուղեգիծ» ռազմավարութեան, որ կը նախատեսէ մինչեւ 2050 թուականը զէրոյական ածխածնային արտանետումներ: Բողոքի ցոյցին կ՚աջակցի Լեհաստանի գիւղատնտեսութեան նախարարութեան ղեկավարութիւնը։ Փետրուար 27-ին լեհ ագարակատէրները պիտի կազմակերպեն «երթ դէպի Վարշաւա», որուն պիտի միանան անոնց գործընկերները ԵՄ այլ երկիրներէ: