image

Իսրայէլ յայտնած է Թաւրիզի եւ Քերմանշահի մէջ թիրախներ խոցելու մասին

Իսրայէլ յայտնած է Թաւրիզի եւ Քերմանշահի մէջ թիրախներ խոցելու մասին

Իսրայէլի ռազմաօդային ուժերը այսօր առաւօտեան գրոհած են Իրանի արեւմտեան շրջաններու մէջ գտնուող հրթիռներու պահեստները եւ անոնց արձակման կայանները։ «Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ, այս մասին Telegram-ի էջին հաղորդած է Իսրայէլի Պաշտպանութեան Բանակը։

«Իրանի Թաւրիզ եւ Քերմանշահ շրջաններուն մէջ, Իսրայէլի ռազմաօդային ուժերու աւելի քան 25 կործանիչներ հարուածած եւ չեզոքացուցած են հրթիռներու եւ անոնց արձակման համար 35-է աւելի ենթակառուցուածքային բաղադրիչներու պահեստներ», – կը նշուի հաղորդագրութեան մէջ։

Նշուած է, թէ թիրախները որոշուած են Իսրայէլի ռազմական հետախուզական բաժանմունքի կողմէ։

The Associated Press աւելի վաղ հաղորդած էր, որ Իսրայէլի օդուժը գիշերը հարուածած է Իրանի Ռեշտ քաղաքը, որ կը գտնուի Կասպից ծովու ափին։ Տեղեկութիւններու համաձայն՝ այդ շրջանի մէջ գործածած են Իրանի հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերը։

Նոյն աղբիւրը կը նշէ, որ հարուածներէն առաջ Իսրայէլի զինուորականները նախազգուշացուցած են տեղի բնակիչները՝ հեռու մնալու Ռեշտի կեդրոնէն հարաւ-արեւմուտք գտնուող արդիւնաբերական գօտիէն։

 

Աւելի վաղ, Իսրայէլի Պաշտպանութեան Բանակը յայտնած էր նաեւ Թեհրանին ուղղուած օդային հարուածներու մասին։ Իրանի կողմէ ալ, հրթիռներով եւ անօդաչու թռչող սարքերով հարուածներ հասցուած են Հայֆայի եւ Թել Աւիւի մէջ գտնուող թիրախներուն։