Սաղիմահայ բանաստեղծ եւ կրթական գործիչ՝ Անոյշ Նագգաշեան կը գրէ ՝
Սեպտեմբեր 1…
Վերամուտ է…
Աշխարհի չորս ծագերուն ծնողներ իրենց զաւակները այս օրը ուրախութեամբ կը ղրկեն վարժարան հազար օրհնութիւններով ու բարեմաղթանքներով իրենց զաւակներուն գալիք տարուան յաջողութիւններուն համար…
Մանկապարտէզը նոր աշակերտներով կը ծաղկի…
Մենք ալ այստեղ Երուսաղէմի մէջ նոյնպիսի ուրախութեամբ եւ խանդավառութեամբ կը վերադառնանք դպրոց, ուսուցիչ եւ աշակերտ, կարօտցած իրարու, ժպտուն եւ յուսավառ…
Սակայն Հայ Երուսաղէմն այսօր խանդավառ չդիմաւորեց վերամուտը… Մեծ ու փոքր սաղիմահայերուս դէմքերուն ժպիտի տեղ արցունք կ՚երեւայ…
17 տարի առաջ Սեպտեմբեր 1ին, վերամուտին՝ Յակոբ Վանայեանն ու Մէրին Տէմիրճեանը իրենց երկրորդ որդին՝ Ալէքը նոյնպէս տարին մանկապարտէզ՝ ծնողական վառ յոյսերով, փայլուն ապագայի ակնկալելիքով…
Բայց ուրիշ էր Աստուծոյ ծրագիրը…
Այսօր նոյն ծնողները, Վանայեան եւ Տէմիրճեան գերդաստանները, Եաֆայի եւ Երուսաղէմի հայկական գաղութները, իրենց ծանօթ օտար շրջանակները կը թաղեն քսանամեայ Ալէքը…
«Այս ճակատագիրն ինչ սեւ է Աստուած» գրած է նոյն տարիքին մահացած բանաստեղծը…
Այո՛, սեւ է… Վայրկեանական հասած մահով թերեւս ինք չզգաց թէ ինչ պատահեցաւ, ինչու հրեշտակներ իրենց թեւերուն վրայ տարին զինք, թերեւս հիմա ժպտուն վար կը նայի երկինքէն… Թերեւս… Թերեւս… Թերեւս…
Ինք ցաւը չզգաց՝ ցաւը հոս ձգեց…
Անդարմանալի վիշտը բոյն դրաւ բոլորին սրտերուն մէջ…
Կեանքը պիտի շարունակուի… Սակայն երբեք նոյնը պիտի չ՚ըլլայ մանաւանդ ընտանիքին համար, ընկերներ իրենց ամբողջ կեանքին ընթացքին պիտի յիշեն Ալէքը… Յիշատակներով պիտի ապրին, օր մը պիտի խնդան, օր մը պիտի լան, իսկ ան պիտի չդառնայ, պիտի մնայ սիրտերուն, միտքերուն, պատմութիւններուն եւ պատկերներուն մէջ…
Ուրիշ ինչ բառեր կրնանք ըսել՝ մխիթարութիւն եւ համբերութիւն։
Լոյսերու մէջ մնաս լուսաւոր տղայ…։
Անուշ Նագգաշեան
Սեպտեմբեր 1, 2023
Երուսաղէմ