image

Յունաստանի մէջ. Յիշատակում Քսանթի քաղաքի նուիրեալներէն՝ Սոնիա Գլընճեանի

  Յունաստանի մէջ. Յիշատակում Քսանթի քաղաքի նուիրեալներէն՝ Սոնիա Գլընճեանի

Վերջերս Յունաստանի մէջ յիշատակուած է հանգուցեալ համայնքային գործիչ՝ Սոնիա Գլընճեանը։

Այդ մասին տեղեկացանք Աթէնէքէն։

 Նշենք, որ Սոնիա Գլընճեան իր աչքերը յաւերժին փակած էր անցնող նոյեմբերին ու այդ առթիւ ալ մեր պաշտօնսակից՝ «Ազատ օր»ը գրութիւն մը հրապարակած էր։

 

Ստորեւ մահագրութիւնը

 

Երկուշաբթի, 20 Նոյեմբեր 2023-¬ին, հիւանդութեան շրջան մը դիմագրաւելէ ետք, իր աչքերը փակեց Քսանթիի հայկական գաղութի նուիրեալ եւ երախտաշատ ազգայիններէն՝ Սոնիա Գլընճեան։ Նկարագրով զուարթ ու ուրախ անձնաւորութիւն, համայնքային աշխատանքներուն մէջ միշտ պատնէշի վրայ գտնուող Սոնիան, գրաւած էր բոլորին սիրտերը, ու անձնուիրութեամբ օրինակ կը դառնար իր շուրջիններուն։ Տարիներ շարունակ անդամակցած էր Հայ Գթութեան Խաչին, ամբողջութեամբ իւրացնելով կանացի մեծ կազմակերպութեան վսեմ նպատակները, որոնք դարձուց կեանքի ուղի եւ նպատակ։ 

Յուղարկաւորութիւնը տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի, 21 Նոյեմբերին, Քսանթիի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ եւ մարմինը ամփոփուեցաւ քաղաքի հայկական գերեզմանատունը։

Ստորեւ կը ներկայացնենք ընկ. Շնորհիկ Պալատլեանի կողմէ գրութիւն մը, ինչպէս նաեւ թաղման օրը Հայ Գթ. Խաչի Շրջ. վարչութեան անունով ընկ. Յովիկ Գասապեանի կողմէ արտասանուած դամբանականը։ 

 

* * *

 

 

 

 Դամբանական՝ Յովիկ Գասապեանէն 

 

Սոնիա Գլընճեանի վաղաժամ մահուան լուրը ցնցեց եւ տխրութեմբ լեցուց մեր սրտերը, ծանր հարուած մը պատճառելով Հ.Օ.Մ.-ի Մակեդոնիոյ եւ Թրակիոյ Հայ Գթութեան Խաչի, եւ մանաւանդ Թրակիոյ շրջանի հայութեան ազգային կեանքին։ Ընկերուհի Սոնիան ծայրայեց երկար տարիներ Հ.Գ.Խ.-ի շարքերը, ըլլալով Քսանթիի «Արաքս» մասնաճիւղի վարչութեան, ինչպէս նաեւ Շրջանային վարչութիւններու նախկին անդամ։ 

Հաւատարիմ մնաց ազգային եւ միութենական սուրբ գործին ու առաքելութեան՝ անաղարտ հայրենասիրութեամբ եւ օրինակելի նուիրումով։ Յատկանշական էր իր բարի, խոնարհ, պարզ եւ անմիջական բնաւորութիւնը, իր ժպտերես տեսակը, որ միայն լաւ տրամադրութիւն կը փոխանձէր բոլորիս։ Ազնիւ, քաղաքավար, համեստ ու անաղմուկ բնաւորութեամբ, ան հարստացուց մեր ազգային եւ մասնաւորապէս Քսանթիի գաղութային կեանքը։ Սխալ պիտի ըլլար անշուշտ արժեւորել իր անձնաւորութիւնը, առանց ներառնելով նաեւ իր արուետագէտի ոգին, որպէս ինքնուս ժողովրդային գեղանկարիչ։ Սոնիան իր վրձինի յարուածով չփորձեց զարմացնել մեզ։ Ան ստեղծագործեց նախ եւ առաջ իրեն համար, որպէս հոգեկան բաւարարութեան միջոց։ Իր գեղանկարչական գործերուն մէջ կ՚արտացոլան իր իսկ էութիւնը եւ իր նկարագիրի վերոյիշեալ կէտերը։ 

Քսանթիի հին քաղաքի տուն մը, ծաղիկները, բնութիւնը, իր թոռնիկները, եղան իր ներշնչման աղբիւրը։ Իր ձեռային աշխատանքները, որ շատերս հաւանաբար կը պահենք մեր տան անկիւնի մը մէջ որպէս միութենական ձեռնարկի մը յուշանուէր, կը վկայեն մեզի բարի, լաւատես եւ բարձր ճաշակ ունեցող Սոնիայի ձեռակերտին եւ իր ոգեղէն աշխարհին մասին։ Այս է պատճառը, որ Սոնիայի կորուստը աւելի աղքատ դարձուց միութեանս շարքերը եւ Քսանթի քաղաքի հայկական համայնքը. այս է պատճառը նաեւ, որ անսահման կարօտով պիտի յիշենք իրեն։

Հանգիստ՝ իր աճիւններուն եւ բարի հոգիին։