Յունաստանի եւ Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարները պայմանաւորուած են հանդիպում կազմակերպել վստահութեան ամրապնդման համար։ Տեղեկութիւնը Twitter-ի էջին յայտնած է Յունաստանի նախարար Նիքոս Տենտիասը։
«Վիլնիուսի մէջ ՆԱԹՕ-ի գագաթնաժողովի շրջածիրէն ներս ես հանդիպեցայ Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Եաշար Կիւլերի հետ: Մենք ընդգծեցինք դրական մթնոլորտի, հաղորդակցութեան ուղիներու եւ հանդիպումներու կարեւորութիւնը մեր երկկողմ յարաբերութիւններու եւ միջազգային իրաւունքի ու բարիդրացիական յարաբերութիւններու վրայ հիմնուած համագործակցութեան համար: Պայմանաւորուեցանք շփումներ պահպանել վստահութեան ամրապնդման միջոցառումներու շուրջ հանդիպում կազմակերպելու համար»,- գրած է Տենտիասը։