Միացեալ Նահանգներու անվիճելի գերակայութեան դարաշրջանը աւարտած է, եւ ետդարձ չկայ։
Այս մասին ըսուած է Ռուսիոյ Դաշնութեան Արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովայի՝ շաբաթ օր տարածուած մեկնաբանութիւններուն մէջ՝ կապուած Միացեալ Նահանգներու նախագահի ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Ճէյք Սալիվանի յայտարարութիւններու հետ․
«Մենք պէտք է վերջապէս հասկնանք, որ ամերիկեան անվիճելի գերակայութեան դարաշրջանն աւարտած է, եւ որ ատոր վերադարձ չկայ: Այժմ խնդիրն է ճանչնալ նոր իրողութիւնները եւ սկսիլ աւելի արդար, հաւասարակշռուած եւ սթրեսակայուն միջազգային համակարգի հիմքերը՝ հիմնուած իսկական հաւասարութեան, ներառականութեան եւ, ամենակարեւորը, անվտանգութեան անբաժանելիութեան վրայ, ինչպէս նաեւ հաշուի առնելով բոլոր պետութիւններու շահերն ու մտահոգութիւնները՝ առանց բացառութեան»,- նշած է Զախարովան։