image
Հրատապ լուրեր:

Ըստ Վահէ Յակոբեանի Հայաստանը կ՚ընթանայ դէպի բռնապետութիւն

Ըստ Վահէ  Յակոբեանի Հայաստանը կ՚ընթանայ  դէպի բռնապետութիւն

Մեր երկիրը հաստատուն քայլերով կ'երթայ դէպի բռնապետութիւն, իսկ դատաւոր Բորիս Բախշիեանի կալանաւորումը վերջին մեխն էր Հայաստանի դատական համակարգի եւ արդարադատութեան դագաղին վրայ: Այս մասին ըսաւ «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Վահէ Յակոբեանը:

Ան նշեց, որ եւրոպական կառոյցները լռութիւն կը պահպանեն: «Սա կամայ թէ ակամայ մեզ ստիպում է որոշ եզրակացութիւններ անել: Այսօր ՀՀ կառավարութիւնը եւ ԵՄ կառոյցները մտել են մի փուլ, որը կոչւում է քաղաքական առեւտուր: Եւ մեզ շատ հետաքրիքր է եւրոպական կառոյցների լռութեան գինը», ըսաւ Յակոբեան:

Նոյն խմբակցութեան մէկ այլ պատգամաւոր` Լիլիթ Գալստեան, յայտնեց, որ Հայաստանը կ'ապրի խորացող բռնաճնշումներու, մենիշխանութեան, արմատաւորուած մենատիրութեան պայմաններու մէջ: Անոր խօսքով` նման պայմաններու մէջ աւելորդ է խօսիլ մարդու իրաւունքներու եւ իշխանութեան ճիւղերու տարանջատման գործընթացին մասին: «Այս ամէնը տեսնում ենք նաեւ Ազգային ժողովում: Օրինագծերի մեծ մասը, որոնք յայտնւում են ԱԺ-ում, նպատակ ունեն ստեղծել մէկ կէտից կառավարուող եւ քաղաքական քիմքին հաճոյ միջավայր», նշեց Գալստեան: