image

Ըստ ռուսազգի փորձագէտին` «Խօսքը Մոսկուայինն է»

Ըստ ռուսազգի փորձագէտին` «Խօսքը Մոսկուայինն է»

2020 թուականի Նոյեմբերէն մինչեւ 2021 թուականի Նոյեմբեր ինկած ժամանակահատուածին Ռուսաստանը ամրապնդած է իր առաջնորդութիւնը՝ որպէս խաղաղ գործընթացի վարիչ։ Եւ այս դերին հետ, որ ոչ-պակաս կարեւոր է, համաձայն են ե՛ւ Պաքուի, ե՛ւ Երեւանի մէջ։ Մէկ տարուայ ընթացքին երեք համատեղ յայտարարութիւն։ Մինսքի խմբի միջնորդներէն ոչ մէկը կրնայ պարծենալ նման քանակի բովանդակային փաստաթուղթերով։ Փաստօրէն, Ռուսաստան-Ատրպէյճան-Հայաստան եռակողմ ձեւաչափը ԵԱՀԿ-ը, որպէս բանակցային հարթակ, երկրորդ գիծ մղած է։

 

Սոչիի մէջ Վլատիմիր Պուտինի, Նիկոլ Փաշինեանի եւ Իլհամ Ալիեւի եռակողմ հանդիպումը նշանակալի է քանի մը պատճառով։ Այս մասին նշուած է ռուս քաղաքագէտ Սերկէյ Մարքետոնովի մեկնաբանութեան մէջ։

«Նախ, այն անցաւ ղարաբաղեան երկրորդ պատերազմի աւարտտէն մէկ տարի անց։ Բայց ոչ հայ-ատրպէյճանական հակամարտութենէն։ Ընդհակառակը, չափազանց շատ նշաններ կան, որ Պաքուն եւ Երեւանը կը շարունակեն հեռու մնալ խաղաղութենէն՝ զանոնք անտեսելու համար։ Հրադադարի ամենամեծ խախտումը տեղի ունեցած է Սոչիի գագաթաժողովէն ընդամէնը տասը օր առաջ։

Երկրորդ՝ 2020 թուականի Նոյեմբերէն մինչեւ 2021 թուականի Նոյեմբեր ինկած ժամանակահատուածին Ռուսաստանը ամրապնդած է իր առաջնորդութիւնը՝ որպէս խաղաղ գործընթացի վարիչ։ Եւ այս դերին հետ, որ ոչ-պակաս կարեւոր է, համաձայն են ե՛ւ Պաքուի, ե՛ւ Երեւանի մէջ։ Մէկ տարուայ ընթացքին երեք համատեղ յայտարարութիւն։ Մինսքի խմբի միջնորդներէն ոչ մէկը կրնայ պարծենալ նման քանակի բովանդակային փաստաթուղթերով։ Փաստօրէն, Ռուսաստան-Ատրպէյճան-Հայաստան եռակողմ ձեւաչափը ԵԱՀԿ-ը, որպէս բանակցային հարթակ, երկրորդ գիծ մղած է։

Երրորդ՝ Սոչիի գագաթաժողովը, թէեւ բանակցային ճանապարհին էական բեկման չյանգեցուց, ի զուր չէր։ Յայտնուեցաւ Փութինի, Ալիեւի եւ Փաշինեանի երրորդ համատեղ յայտարարութիւնը։

Ոճական առումով այն շատ կը տարբերի նախորդ երկուքէն։ Առաջինը՝ 2020-ի Նոյեմբերի 10-ինը, եթէ կարելի է ըսել, հրատապ փաստաթուղթ էր: Այն կը նախատեսէր զինադադարի պայմանները եւ խաղաղ կարգաւորման որոշակի ուրուագիծ կու տար՝ հին սթաթուս քոյի տապալման եւ նորի ձեւաւորման ծիրին մէջ: Երկրորդը՝ 2021-ի Յունուար 11-ինը, կեդրոնացած էր ճանապարհային հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման շուրջ։ Կ'առաջարկուէր որպէս խաղաղ գործընթացի անկիւնաքար դնել տնտեսական նպատակայարմարութիւնը։ Արդիւնք չտուաւ:

Սակայն նոր համատեղ յայտարարութեան մէջ հակամարտող երկիրներուն միջեւ լիարժէք ճանապարհային հաղորդակցութեան վերսկսման հարցը արդէն կը կապուի Ղարաբաղի մէջ ռուս խաղաղապահներու արդիւնաւէտութեան եւ սահմանագծման ու սահմանազատման աշխատանքներուն հետ։ Այս կէտը նախապէս երբեք այսքան պարզ չէ գրուած: Ակնյայտ է, որ 2021 թուականի ընթացքին սահմանի խնդիրը առաջին ծրագիր մղուեցաւ եւ դարձաւ տարածաշրջանային անվտանգութեան ամենավտանգաւոր մարտահրաւէրը։ Եւ Մոսկուան կը ձգտի ցոյց տալ ե՛ւ Պաքուին, ե՛ւ Երեւանին, ե՛ւ ամբողջ աշխարհին, որ ինք պիտի ըլլայ այս հանգոյցը լուծելու հիմնական աղբիւրը եւ գործիքը»։