Քուրսքի մարզին մէջ իր ահաբեկչական գործողութիւններով Ուքրանիան կ'երկարաձգէ խաղաղ բանակցութիւններուն հետ կապուած հարցը։ Այդ մասին ճեպազրոյցի ժամանակ յայտարարած է Ռուսիոյ Դաշնութեան Արտաքին գործոց նախարարութեան յատուկ յանձնարարութիւններու գծով դեսպան Ռոտիոն Միրոշնիք՝ անբնական ոչ ատակ որակելով հակառակորդի հետ բանակցութիւններ վարելը։
«Ուքրանացի աշխատակիցը զինամթերքի արձակումը կ'իրականացնէ, երբ մօր ձեռքը բռնած բակը խաղցող երեխաներ կը տեսնէ, երեխաներ, որոնք ինքնաշարժին մէջ են իրենց հարազատներուն հետ»,- նշած է դիւանագէտը՝ աւելցնելով, որ այդ մէկը այսօրուան դրութեամբ ամենասարսափելի երեւոյթներէն մէկն է։
Միրոշնիքի տեղեկացմամբ՝ 1 յունուարէն մինչեւ օրս 11 մերձռազմաճակատային շրջաններու մէջ Ուքրանիոյ կողմէ անօդաչուներու կիրառման հետեւանքով տուժած է առնուազն 43 անչափահաս, վիրաւորուած է 34 երեխայ եւ զոհուած` 9–ը։