 
                    Ընթերցումներս (53)
Սաստկաբանութիւն (բ)
Շարահիւսական սաստկացուցիչներ
Այստեղ իր յատուկ տեղը ունի հռետորական հարցումը:
Ի՞նչ է հռետորական հարցումը:
Աչքի առաջ ունենանք հետեւեալ երկու հարցական ձեւացնող նախադասու-թիւնները.
--Այս խաղողին քիլոն որքա՞ն կարժէ:
--Այս խաղողին դրամ տուող կ’ըլլա՞յ:
Այս հարցումներէն առաջինը ուղղուած է յաճախորդի մը կողմէ, որ իրօք կ’ուզէ գիտնալ խաղողին գինը ու ըստ այնմ որոշել՝ պիտի գնէ՞, թէ՞ ոչ
Երկրորդը... արտասանութեամբ միայն հարցում է կամ կը ձեւացնէ ըլլալ, եւ զայն ուղղողը բան մըն ալ չ’ուզեր գիտնալ. ան պարզապէս կը հեգնէ ծախողը, կը թերգնահատէ եղած խաղողը եւ կ’ուզէ հասկցնել, թէ ան գնորդ չի կրնար ունենալ... մարդ նման խաղողի դրամ չի տար:
Ասոնցմէ առաջինը կը կոչուի բուն, ուղղակի կամ իսկական հարցում, իսկ երկրորդը կը կոչուի հռետորական հարցում :
Առաջինը պատասխանի մը, տեղեկութեան մը կը սպասէ:
Երկրորդը ոչ մէկ տեղեկութեան ու պատասխանի կը սպասէ. ան հարցումի ձեւին տակ կատարուած դատողութիւն մը, արժեւորում մըն է, այս պարագային՝ բոլորովին ժխտական:
Հռետորական հարցումին դերը շատ մեծ է ոճաբանութեան, այլեւ... մեր կեանքին մէջ: Շատ բաներ մենք կ’ըսենք ու կը հաստատենք... հռետորական հարցումով:
Ստորեւ տեսնենք կենդանի խօսքի ծիրէն ներս կիրարկոուղ կարգ մը օրի-նակներ:
* * *
Տեսնել, լսել, ընել… Այս շատ սովորական բայերը, իբրեւ միջոցի խնդիր առնելով համապատասխան զգայարաններու անունները, նոր լիցք, ուժգնութիւն ու հնչեղութիւն կը ստանան. այսպէս՝
Աչքովը տեսնել, ականջովը լսել, ձեռքովը ընել...:
Այս շատ ընթացիկ ոճերուն ի լուր կարելի է չոփ-չոր տրամաբանութեամբ հակադարձել, թէ հապա ուրիշ ինչո՞վ կարելի էր տեսնել, լսել ու ընել:
Բայց կարելի է նաեւ մտնել ասոնք կիրարկողին հոգեբանութեան մէջ. «աչքովս տեսայ» ըսողը ոչ այնքան տեսողութեան գործողութեան ու գործարանին կ’ակնարկէ, որքան կ’ուզէ երաշխաւորել տեսածին հաւաստիութիւնը եւ ականատեսի վկայութեան հարազատութիւնը. նոյնն է պարագան «ականջովս լսեցի» ըսողին: Այս նոյն ծիրէն ներս կը կիրարկուին նաեւ՝ ձեռքովը ընել, դնել, տալ, այլեւ ոտքովը երթալ կամ իյնալ. ասոնք ցոյց կու տան գործող ենթակային ամբողջական գիտակցութիւնն ու յօժարութիւնը:
Օրինակ՝
-Ես ոտքովս ինկայ այդ փոսին մէջ:
Այսինքն՝ իմ անկումիս միակ պատասխանատուն ե՛ս եմ, ինձմէ բացի ոչ ոք յանցաւոր է:
* * *
Խօսքը սաստկացնելու ուրոյն յատկութիւն ունի՝
ա) դրական նախադասութեան փոխարինումը նոյնին հռետորական հարցա-կանի ժխտականով.
Օրինակ՝
Վրադ գլուխդ քիչ մը կոկէ: > Վրադ գլուխդ քիչ մը չկոկե՞ս...:
Երթանք գաւաթ մը խմենք: > Չերթանք գաւաթ մը չխմե՞նք...:
Երկու խօսք ալ դո՛ւն ըսէիր: > Երկու խօսք ալ դուն չըսէի՞ր...:
բ) ժխտական նախադասութեան՝ դրական հարցականով փոխարինումը. այս վերջինը ձեւով միայն դրական է, ըստ իմաստի՝ նոյն ժխտականն է՝ աւելի սաստկացած:
Օրինակ՝
Ես պիտի չմասնակցիմ: > Ո՞վ ըսաւ, որ պիտի մասնակցիմ:
Այս կօշիկով մի՛ մտներ: > Այս կօշիկո՞վ պիտի մտնես:
Քեզմէ բան մը չուզեցինք: > Քեզմէ բան մը ուզող եղա՞ւ:
Այս թոշակով չեմ կրնար ապրիլ: > Այս թոշակով կ’ապրուի՞:
Չձգեց, որ կարօտս առնէի: > Ձգե՞ց, որ կարօտս առնէի:
գ) դրական նախադասութեան ժխտական ձեւաւորումը. օրինակ՝
Ես պիտի խենթանամ: > Եկո՛ւր ալ մի՛ խենթանար:
դ) ուղղակի հարցումի փոխարինումը հռետորական հարցումով. օրինակ՝
Ինչո՞ւ եկար: > Ո՞վ ըսաւ, որ գաս:
Այս ժամո՞ւն կ’ երթաս: > Այս ժամուն կ’երթցուի՞:
Բաղդատել նաեւ՝
Չըլլայ, որ գաս: > Չըլլայ, որ երթաս:
* * *
Անշուշտ կրնայ պատահիլ, որ մեր խօսակիցը միշտ չըմբռնէ հռետորական հարցումի միտք բանին. այդպիսին է պարագան «Մեծապատիւ մուրացկաններ»-ի մէջ Աբիսողոմ աղայի առարկաները կրող բեռնակիրներուն, որոնք ձեւով մը կը գտնեն Ծաղիկ փողոց թիւ 2-ի բնակարանը եւ կը պատրաստուին անոր աստիճաններէն վեր կրել բեռները: Տանտիկինը, անոնց բոպիկ ոտքերու աղտէն սարսափահար, կը ջանայ հռետորական հարցումով մը արգելք հանդիսանալ.
-Այդ ոտքերո՞վ պիտի վեր ելլէք...
Բեռնակիրները միամտաբար կը պատասխանեն հարցումով.
-Ուրիշ ոտք ունի՞նք...
* * *
Նաեւ պատմողական երանգին փոխարինումը հռետորական հարցումով:
Ապուշ մարդ մըն է ան: > Մարդ այսքան ապուշ կ’ըլլա՞յ:
Առիւծ է ու պիտի մռնչէ: > Առիւծը կրնա՞յ չմռնչել:
Արմենակ Եղիայեան   
armenag@gmail.com