Արթնցէ՛ք, եթէ տակաւին մարդկութիւն կայ ձեր մէջ:
Ունեցէ՛ք քաջութիւնը` ո՛չ ըսելու անարդարութեան եւ անգթութեան: Մե՛նք ենք, որ պէտք է ընենք տարբերութիւնը, այլապէս դէպի ո՞ւր երթալ, որո՞ւն ապաւինիլ, որովհետեւ «մեծ պետութիւնները» որեւէ ձեւով հետաքրքրուած չեն, կամ այդպէս կ՛երեւի, թէ շահ չունին սանձելու դահիճը: Ասիկա շատ քաջութիւն կը պահանջէ մեզմէ: Եթէ չփորձենք կասեցնել այս անիրաւութիւնը, թերեւս դժբախտ օր մը մեր կարգը կու գայ, եւ այն ատեն աւաղ, շատ ուշ կ՛ըլլայ:
Զարմանալի է, որ այս վերջերս յաճախ միտքս կու գայ գերմանացի փիլիսոփայ Նիցչէի սահմռկեցուցիչ յայտարարութիւնը, թէ` «Աստուած մահացած է»: 1882 թուականին իր «Զուարթ գիտութիւնը» գործին, ապա անգամ մը եւս` «Այսպէս խօսեցաւ Զրադաշտը» գործին մէջ: Բայց ամէնէն հետաքրքրականը շարունակութիւնն է այդ նախադասութեան, երբ փիլիսոփան կ՛ըսէ, թէ` «Մենք ենք, որ սպաննեցինք զԱստուած, ինչպէ՞ս մխիթարուիլ, մե՛նք` ոճրագործներուն ոճրագործը: Ինչ որ այս աշխարհը ունէր մինչեւ հիմա իբրեւ ամէնէն սուրբը եւ ամէնէն հզօրը, արիւն կորսնցնելով մահացաւ մեր դաշոյններու հարուածով»:
Նախադասութիւններ, որոնք որքա՛ն արտայայտիչ եւ նշանակալից են այս օրերուն, երբ ամբողջ աշխարհը կը վկայէ բնաջնջումը, կոտորումն ու ոչնչացումը ամբողջ ազգի մը, եւ այս ամէնը` աշխարհի «մեծ պետութիւններու» ղեկավարներուն անտարբերութեան եւ լռութեան պայմաններուն մէջ:
Այս անարգ վիճակին առջեւ կ՛ըմբոստանամ, կը մերժեմ, կը բողոքեմ եւ «այլեւս երբեք» կ՛ըսեմ այս ոճիրներուն:
Ինչքա՛ն այս աշխարհը դատարկուած է իր մարդկայնութենէն: Արդարեւ, դարերէ ի վեր «չարը» եւ «վատութիւնը» կ՛ընդհանրանան` այդ ղեկավար մեծ պետութիւններու «շահերուն» ծառայելու համար: Ո՞ւր ենք այսօր մարդկային արժէքներէն, ո՞ւր ենք մեր հաւատքէն, եթէ վերջինս տակաւին գոյութիւն ունի մեր մէջ:
Բայց ինչքան նաեւ ցաւ եւ վիշտ կը զգամ, երբ մարդկային իրաւանց բազմաթիւ ռահվիրաներ տակաւին կը մերժեն ցաւակցիլ Պաղեստինի անմեղ ժողովուրդին հետ:
Եթէ կը կարծէք, թէ այս վայրագութեան, անմարդկայնութեան առջեւ համր ըլլալը ձեզ պիտի խնայէ, կը սխալի՛ք, որովհետեւ ձեր լռութիւնը ձեզ մեղսակից կը դարձնէ: Չդատապարտել այս վայրագութիւնը, կը համապատասխանէ քաջալերել անիրաւութիւնը, անարդարութիւնը, ինչպէս նաեւ խրախուսել եւ յորդորել դահիճը: Պատմութեան էջերը կը հաստատեն այս իրողութիւնը:
Հայոց ցեղասպանութիւնը ազատութիւն տուաւ «Ֆիւհրեր»-ին, որ ըսաւ, թէ` «Ո՞վ այսօր կը խօսի հայոց ոչնչացման մասին»: Ան նոյնը ըրաւ հրեայ ժողովուրդին դէմ, որովհետեւ Հայոց ցեղասպանութիւնը մնացած էր անպատիժ:
Այսօր աշխարհը կորսնցուցած է կողմնացոյցը. Արեւմուտքը չի ներկայացներ այլեւս «Մարդկային իրաւունքներու պաշտպան»-ի տիտղոսը:
Վերջերս աշխարհը վկայեց Արցախի անօրինական գրաւումը Ազրպէյճանի կողմէ, եւ այս ամէնը` «մեծ պետութիւններու» դժնդակ լռութեան ներքեւ, որովհետեւ անոնց համար հայ ժողովուրդին արիւնը նուազ ծանր կը կշռէր Ազրպէյճանի քարիւղէն: Այժմ Պաղեստինի անմեղ ժողովուրդին արիւնը նուազ սուղ է` իսրայէլեան համաշխարհային լոպիին ազդեցութենէն, եւ ահաւասիկ որ մենք կը վկայենք ամբողջ ժողովուրդի մը ցեղասպանութեան` առանց ի նպաստ զինադադարի նոյնիսկ մէկ միջամտութեան:
«Չար»-ը կը յաղթէ՛: Դէպի ո՞ւր երթալ, որո՞ւն գանգատիլ:
Աշխարհը գահավէժ կը սուզուի խաւար անդունդի մէջ, որ մեզ արագօրէն եւ ստուգիւ կ՛առաջնորդէ մարդկութեան վերջաւորութեան, բարին իսկական իմաստով:
Արթնցէ՛ք, եթէ տակաւին մարդկութիւն կայ ձեր մէջ:
Ունեցէ՛ք քաջութիւնը` ո՛չ ըսելու անարդարութեան եւ անգթութեան: Մե՛նք ենք, որ պէտք է ընենք տարբերութիւնը, այլապէս դէպի ո՞ւր երթալ, որո՞ւն ապաւինիլ, որովհետեւ «մեծ պետութիւնները» որեւէ ձեւով հետաքրքրուած չեն, կամ այդպէս կ՛երեւի, թէ շահ չունին սանձելու դահիճը: Ասիկա շատ քաջութիւն կը պահանջէ մեզմէ: Եթէ չփորձենք կասեցնել այս անիրաւութիւնը, թերեւս դժբախտ օր մը մեր կարգը կու գայ, եւ այն ատեն աւաղ, շատ ուշ կ՛ըլլայ:
Վայրագութիւնն ու բռնութիւնը երբեք չեն եղած լուծումը որեւէ հարցի: Խօսուն փաստն է այս անարդար աշխարհը, ուր մենք կ՛ապրինք:
Կ՛աւարտեմ գրութիւնս պատասխանելով Նիցչէին, թէ ո՛չ, Աստուած չէ՛ մեռած, բայց մեր խիղճն է, որ մեր մէջ կը խեղդուի, եւ դժբախտաբար մեր անտարբերութիւնն ու մեր մեծ համրութիւնը` ի դէմս այս անարդարութիւններուն, մեզ կը դարձնեն մեղսակիցներ, դաւադրակիցներ. եւ այո՛, ինչպէս Նիցչէն ըսաւ` «Մեր ձեռքերը թաթխուած են արեան մէջ, եւ ահաւասիկ մենք ալ ոճրագործներուն ոճրագործներն ենք»:
Տոքթ. Վարդգէս Արզումանեան
Նիւթը՝ «Ազդակ»էն